«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, այսօր եւ վաղը կը կատարուին ութական մրցումներ:
Այսօր մրցում կատարող 16 խումբերուն մէջ Լայսթըր Սիթի միակն է, որ ցարդ իր կատարած երկու մրցումներն ալ աւարտած է յաղթանակով: Ֆ. Ք. Քոփենհակըն այսօր հիւրը պիտի ըլլայ Անգլիոյ ախոյեան Լայսթըրի:
Այսօրուան մրցումներուն գծով վեց այլ կազմեր ունին 4-ական կէտ:
Բաւական կարեւոր մրցումի մը ընթացքին, այսօր իրարու դէմ յանդիման պիտի գան Լիոն եւ Եուվենթուս, իսկ Ռէալ Մատրիտ բաւական հանգիստ մրցում մը ունի կատարելիք, երբ հիւրընկալէ Լեկիա Վարշաւան:
Այլ գետնի վրայ, վաղը, բաւական զօրաւոր ճակատումի մը ընթացքին իրարու դէմ յանդիման պիտի գան Պարսելոնա եւ Մանչեսթըր Սիթի:
Վաղը, այլ հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին, Պայէրն Միւնիխ պիտի մրցի ՓՍՎ Այնտհովընի դէմ:
Ստորեւ` կու տանք այսօր եւ վաղը տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (բոլոր մրցումներն ալ տեղի պիտի ունենան ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
ԱՅՍՕՐ
Ե. ԽՄԲԱԿ.
Պայէր Լեւերքուզըն – Թոթենհամ
Մոսկուայի բանակայիններ – Մոնաքօ
Զ. ԽՄԲԱԿ
Ռէալ Մատրիտ – Լեկիա Վարշաւա
Սփորթինկ Լիզպոն – Պորուսիա Տորթմունտ
Է. ԽՄԲԱԿ
Ֆ. Ք. Պրիւժ – Փորթօ
Լայսթըր Սիթի – Ֆ. Ք. Քոփենհակըն
Ը. ԽՄԲԱԿ
Տինամօ Զաղրեպ – Սեւիլլա
Լիոն – Եուվենթուս
ՎԱՂԸ
Ա. ԽՄԲԱԿ
Արսենալ – Լուտոկորեց
Փարիզ Սեն Ժերմեն – Պալ
Բ. ԽՄԲԱԿ
Տինամօ Քիեւ – Պենֆիքա
Նափոլի – Պեշիքթաշ
Գ. ԽՄԲԱԿ
Պարսելոնա – Մանչեսթըր Սիթի
Սելթիք – Մէօնշընկլատպախ
Դ. ԽՄԲԱԿ
Պայէրն Միւնիխ – ՓՍՎ Այնտհովըն
Ռոսթով – Աթլեթիքօ Մատրիտ