
«Ի. Էս. Փի. Էն.»-ի հրապարակած մէկ լուրին մէջ կը նշուի, որ ՖԻՖԱ-ն հաստատած է յատուկ օրէնք մը, ըստ որուն, Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի մոնտիալի մրցումները հիւրընկալող մարզադաշտերուն մէջ բացարձակապէս կ՛արգիլուի համերգներ եւ երաժշտական տօնակատարութիւններ կազմակերպել մրցաշարքի ազդանշանին տրուելէն 2 ամիս առաջ:
Որոշումին պատճառը դաշտերուն խոտերը լաւ վիճակի մէջ պահելու փափաքն է:
Կը խօսուի նաեւ, որ այդ հիւրընկալ դաշտերուն վերաբերեալ այլ որոշում մըն ալ տրուի` մրցաշարքին ազդանշանին տրուելէն մէկ ամիս առաջ ֆութպոլի բարեկամական մրցումներ չկատարելու առումով:
Նշենք, որ 2018-ի մոնտիալը տեղի պիտի ունենայ 14 յունիսէն 15 յուլիս` Ռուսիոյ 11քաղաքներու 12 մարզադաշտերուն մէջ:


