
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ «Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Վոլֆսպուրկ պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Տիեթըր Հեքինկը, խումբին արձանագրած բաւական ձախող արդիւնքներուն պատճառով:
Այս տարեշրջանին խումբը, որ արձանագրեց միայն մէկ յաղթանակ եւ իր կատարած վերջին երեք մրցումներուն պարտութիւն կրեց, այժմ կը գրաւէ դասաւորման 14-րդ դիրքը:
Նշենք, որ 52 տարեկան Հեքինկ Վոլֆսպուրկի մարզիչ նշանակուեցաւ 2012-ի վերջաւորութեան:
Վոլֆսպուրկի 23 տարեկանէն վար խումբի մարզիչ Վալերիեն Իսմայիլ նշանակուեցաւ ժամանակաւոր մարզիչ:


