
Լեհաստանի Քրաքով քաղաքին մէջ աւարտեցաւ աւանդական քարաթէի աշխարհի ախոյեանութիւնը, կը յայտնէ «Երկիր»:
Մեծերու ախոյեանութեան մրցումներուն, աշխարհի ախոյեանի կոչումը նուաճեց Ազգային աւանդական քարաթէ-տօ ֆետերասիոնի անդամ, Հայաստանի բազմակի ախոյեան, միջազգային շարք մը մրցաշարքերու ընթացքին յաջողութիւններու հասած Նարեկ Իսկանդարեան:
Նշենք, որ 14 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Հայաստանը ներկայացնող 3 մարզիկներ տիրացան պրոնզ մետալներու:


