
Երեւանի Ուրարտու տղոց խումբը երէկ կրեց իր չորրորդ յաջորդական պարտութիւնը` Ռուսիոյ «Սուփըր-լիկա-1»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան շրջագիծին մէջ:
Հայկական ակումբը այս անգամ իր պարտութիւնը կրեց Ռուսիոյ գործող ախոյեան Սախալինէն` 81-69 արդիւնքով:
Առաջին քորթըրին Տիգրան Կէօքճեանի կազմը ունէր 2 կէտի առաւելութիւն մը, մինչ երկրորդ քորթըրին ուժերը հաւասար էին:
Երրորդ քորթըրին եւ վերջինին, ռուսական կազմը հետզհետէ զգալիօրէն իր առաւելութիւնը բարձրացուց:


