
Երկուշաբթի, 24 հոկտեմբերին, Հապիպ Զարիֆէ պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի ընտրութիւններուն:
Մամլոյ ասուլիսը տեղի պիտի ունենայ «Հիլթընհապթուր» պանդոկին մէջ (Հըրշ Թապեթ):
Ան այս մարզին մէջ բաւական ատակ անձ մըն է` նկատի ունենալով, որ պատանեկութենէն սկսած է Թեքուանտոյի մրցումներուն մասնակցիլ, եղած է տեղական եւ միջազգային մրցաշարքերու ախոյեան, ինչպէս նաեւ` վեց տարիէ ի վեր կը վարէ Լիբանանի ազգային խումբերու նախագահի պաշտօնը:


