Շուէտի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 26-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Սետերթելէն 2-1 արդիւնքով յաղթեց (իր դաշտէն դուրս) Էսթիլսթունայի:

Հիւր կազմէն կոլի եւ կոլի փոխանցման հեղինակ դարձաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Լեւոն Փաչաճեան, կը յայտնէ News.am-Sport:
Իրանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Փայքան իր դաշտին վրայ 3-2 արդիւնքով յաղթեց Սանաթ Նաֆթի: Յաղթանակի կոլին փոխանցումը կատարեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Լեւոն Հայրապետեան:
Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին, Արսենալ 3-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Սան Լորենզոյէն:
Ուրուկուէյահայ յառաջապահ Խոաքին Պօղոսեան, որ Արսենալի կազմէն դաշտ ներկայացաւ 60-րդ վայրկեանին, 89-րդ վայրկեանին իր կազմին նշանակած միակ կոլին փոխանցումը կատարեց:
Գերմանիոյ ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Շթայնպախ 4-0 արդիւնքով յաղթեց Շթութկարթի Բ. խումբին:

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թեկնածու Սարգիս Ադամեան այս մրցումին տուպլէ մը իրագործեց (50-րդ եւ 88-րդ), ինչպէս նաեւ կատարեց երրորդ կոլին փոխանցումը:
22 տարեկան յառաջապահը այս ախոյեանութեան ընթացքին իր ընդհանուր կոլերուն հաշիւը հասցուց 9-ի:
Ռուսիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանին, Ենիսէյ 3-0 արդիւնքով յաղթեց Սոքոլի: 29 տարեկան յառաջապահ Արթուր Մալոյեան, որ փոխարինուեցաւ 67-րդ վայրկեանին, նշանակեց մրցումին երկրորդ կոլը (29-րդ):
Ռուսիոյ ֆութպոլի երիտասարդական ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանին, Ռուպին Քազան 4-1 արդիւնքով յաղթեց Քրիլիա Սովեթովին (4-1): Այս մրցումին տուպլէ մը իրագործեց 19 տարեկան յառաջապահ Գէորգ Յարութիւնեան: Ան մէկ կոլ նշանակեց փենալթիով:


