Այսօր` ուրբաթ, 9 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 19:00-ին, «Քաունթրի լոճ»-ի մէջ (Պսալիմ), «Ֆինիքս ֆայթինկ Չեմփիընշըփ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր պատասխանատու Շահէ Երեւանեան` ներկայութեամբ Արաբական եւ լիբանանեան ֆետերասիոնի նախագահ Սամի Քըպլաուիի, կու տայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին կը ներկայացուին «MMA»-ի «Ֆինիքս-1»-ի մրցաշարքին մասնակցող 13 մարզիկները:
Այս մրցաշարքը սկիզբ պիտի առնէ շաբաթ, 10 դեկտեմբերին, Նուհատ Նաուֆալի անուան մարզահամալիրին մէջ (Զուք), երեկոյեան ժամը 18:30-էն սկսեալ:
Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումներուն ներկայ պիտի ըլլան պրազիլցի, ամերիկացի, թայլանտցի եւ անուանի այլ ճակատողներ:
Մրցաշարքին ներկայ գտնուիլ ուզողները կրնան մեկնիլ վերոնշեալ մարզահամալիրը եւ ըմբոշխնել այդ մարզիկներուն ճակատումները: