Լոզանի Մարզական վճռաբեկ դատարանին որոշումով, ռուսահայ կռփամարտիկ Միշա Ալոյեան զրկուեցաւ Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերուն իր շահած արծաթ մետալէն, կը յայտնէ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:
Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի` խթանիչ դեղերու գործածութեան դէմ քննութիւններ կատարող խմբակը յայտնեց, որ Ալոյեանի վրայ կատարուած քննութիւնները տուած են դրական արդիւնք եւ անոր մօտ յայտնաբերուած է արգիլեալ դեղի գործածութեան պարագայ: