Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երեկոյեան ժամը 17:30-ին, երբ տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ – Թատամոն մրցումը, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Երկու կազմերն ալ ցարդ իրենց կատարած մրցումին յաղթանակ արձանագրած են: ՀՄԸՄ յաղթեց Լուէյզիի (75-72), իսկ Թատամոն` Հուփսի (93-86):
Բնականաբար, երկու կազմերն ալ պիտի պայքարին յաղթանակ արձանագրելու համար:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկները իրենց ամէն կարելին պիտի ընեն ըլլալու օրուան յաղթականները իրենց համակիրներուն ներկայութեան, որոնք կը սպասեն այս ճակատումին:
Նշենք, որ այս հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Սաժես կրեց իր երկրորդ յաջորդական պարտութիւնը, այս անգամ` Պիպլոսէն, 102-66 արդիւնքով: Առաջին անգամ կանաչները պարտուած էին Մէյրուպայէն (85-69):
Խաղարկութիւնը եղաւ գրեթէ միակողմանի եւ Սաժես շատ բան չկրցաւ ընել:
Երրորդ քորթըրին կէսէն ետք եւ չորրորդ քորթըրը ամբողջութեամբ երկու կազմերը ճակատեցան առանց իրենց օտարներուն, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ մրցումը կորսնցնէ իր փայլքը եւ դառնայ ձանձրանալի ու անհամ: