Շաբաթ, 10 դեկտեմբերին, Նուհատ Նաուֆալի անուան մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ իր տեսակին մէջ յատուկ եւ եզակի «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի «Ֆինիքս-1» ճակատումներու շարքը, առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ:
Շուրջ 5 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, 12 մարզիկներ ճակատեցան իրարու դէմ, տարբեր տեսակի դասակարգերու մէջ:
Անոր ներկայ եղան բազմաթիւ հրաւիրեալներ եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին` տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ, շրջանի քաղաքապետներ, մարզական ֆետերասիոններու պատասխանատուներ, հովանաւորող ընկերութիւններ, այս մարզի սիրահարներ եւ մարզական լրագրողներ:
Նշենք, որ այս իրադարձութիւնը կազմակերպուած էր «Ֆինիքս-Ֆայթինկ-Չեմփիընշիփ»-ի նախագահ Շահէ Երեւանեանի կողմէ: