
Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանին ազդանշանը կը տրուի այսօր յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, երբ բացման մրցումին ՀՄԸՄ Պէյրութ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) կը մրցի Էլիթ Էշրեֆիէի դէմ:
Գ. դասակարգին մաս կազմող խումբերը բաժնուած են երկու խմբակի: ՀՄԸՄ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին:
ՀՄԸՄ Պէյրութի մաս կազմող մարզիկներն են. Քրիստ Տօնապետեան, Շարպել Հըլու, Շարլ Ապտօ (բերդապահներ), Յակոբ Յակոբեան, Նենօ Պէրպէրեան, Զաւէն Լեփեճեան, Նարեկ Յարութիւնեան, Երուանդ Վարդգէս Մանասէրեան, Սերժ Տօնապետեան, Պասել Ֆաքիհ, Փիեռ Քազզի, Արեգ Թասլաքեան, Միքայէլ Նորաշխարհեան, Ապպաս Սաատէ, Ալի Սաատէ, Կարօ Շատոյեան, Գէորգ Գարաժապելեան եւ Ժատ Իպրապիմ:
Խումբին մարզիչն է Սեպուհ Պապիկեան, մինչ անոր օգնականը` Նենօ Պէրպէրեան:
Իսկ խումբին պատասխանատուներն են` Վահան Համամճեան, Զաւէն Տէր Պետրոսեան, Սարհատ Արիստակէսեան, Թալին Սալխանեան եւ Արամ Աւետիսեան:


