Եւրոպայի 20 եւ 23 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ Հայաստան տիրացաւ 2 մետալի:
Աղջկանց 20 տարեկանէն վար 75 քկ դասակարգի մրցումներուն, Սոնա Պօղոսեան տիրացաւ արծաթ մետալին` բարձրացնելով 218 քկ (96 եւ 122):
Նոյն տարիքին մէջ, Սամուէլ Գասպարեան (94 քկ) բարձրացնելով 346 քկ (150 եւ 196) տիրացաւ պրոնզ մետալին:
Նշենք, որ ախոյեանութեան առաջին օրը Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեան հանդիսացած էր Դաւիթ Յովհաննիսեան (77 քկ), որ 20 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ բարձրացուցած էր 326 քկ (149 եւ 177):