Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Թոմաս Պախ կազմակերպութեան գործադիր կոմիտէի նիստէն ետք յայտարարեց, որ խթանիչ դեղեր գործածած մարզիկը պէտք է ցմահ կախակայուի ողիմպիական խաղերէն:
Անոր կարծիքով, խթանիչ դեղեր գործածողները, թէ՛ իբրեւ մարզիկ եւ թէ՛ ալ իբրբեւ մարզիչ պէտք է ամբողջութեամբ հեռու մնան ողիմպիականէն: