Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Արձանագրեց Իր Երրորդ Յաջորդական Յաղթանակը… Թրիփոլիի Մէջ

December 13, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մութթահետ - ՀՄԸՄ մրցումէն
Մութթահետ – ՀՄԸՄ մրցումէն

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ կիրակի, 11 դեկտեմբերին, Մութթահետ Թրիփոլի «Սաֆատի» մարզահամալիրին մէջ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ի կազմը:

Մրցումին ազդանշանէն քանի մը ժամ առաջ յստակացաւ, որ անիկա ուղղակիօրէն պիտի չպատկերասփռուի` նկատի ունենալով, որ որոշ հարցեր կային «Նիւ Լուք Փրոտաքշըն» ընկերութեան եւ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին միջեւ:

Յամենայն դէպս, մրցումը եղաւ բաւական տաք եւ հետաքրքրական` նկատի ունենալով, որ բացի առաջին քորթըրէն, մնացեալներուն կէտերու տարբերութիւնը ընթացաւ մի՛շտ իրարու հաւասար:

Առաջին քորթըրին ՀՄԸՄ ունեցաւ 9 կէտի առաւելութիւն մը (14-23): Մինչ մնացեալ քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 44-40, 64-64 եւ 82-82:

Նկատի ունենալով, որ չորս քորթըրները վերջ գտան հաւասարութեամբ, մրցումը երկարաձգուեցաւ: 5 վայրկեանի ընթացքին Մութթահետ նշանակեց 10 կէտ, մինչ ՀՄԸՄ նշանակելով 17 կէտ, տարաւ վերջնական յաղթանակը` 99-92 արդիւնքով, այսպիսով արձանագրելով իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը:

Թրի փոյնթերուն գծով, ՀՄԸՄ 25-էն 12-ը նշանակեց (48 առ հարիւրը), մինչ Մութթահետ` 41-էն 16-ը (39 առ հարիւրը):

Թըրն-օվըրները երկուքին համար եղան հաւասար (16-ական), իսկ ռիպաունտներու պարագային ՀՄԸՄ-ինները եղան 34, իսկ Մութթահետինները` 35:

ՀՄԸՄ-ի մարզիկները էսիսթներով գերազանցելով իրենց մրցակիցը (22` փոխան 15-ի), աւելի իշխեցին արդիւնքին վրայ:

Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի մարզիկ Քեւին Կալոուէյ, այսպիսով երկրորդ անգամ ըլլալով թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց:

Օրուան իրաւարարներն էին` Թոնի Խուրի, Ապտօ Սարժի եւ Ռոժէ Օպէյտ:

Ստորեւ` Մութթահետի դէմ տեղի ունեցած մրցումին ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն նշանակած կէտերը եւ անոնց դաշտ ներկայացած ժամանակը.

Նետիմ Սուէյտ (36′ 18″, 14 կէտ, 4 թրի փոյնթ), Աթեր Մաճոք (44′ 08″, 22 կէտ, 8 ռիպաունտ), Էլի Շամուն (6′ 10″), Նետիմ Հաուի (0′ 52″), Քեւին Կալոուէյ (43′ 23″, 11 կէտ, 10 ռիպաունտ, 12 էսիսթ), Ֆատի Խաթիպ (41′ 27″, 25 կէտ, 7 ռիպաունտ, 2 թրի փոյնթ), Հայկ Կէօքճեան (10′ 37″, 5 կէտ) եւ Տուայն Ճեքսըն (42′ 05″, 22 կէտ, 4 ռիպաունտ, 4 թրի փոյնթ):

Ստորեւ` Մութթահետի մարզիկներուն նշանակած ամէնէն շատ կէտերը.

Տուարիք Սփենսըր (32 կէտ, 6 թրի փոյնթ), Ռամել Քարի (13 կէտ, 3 թրի փոյնթ), Ուիլ Տանիելզ (22 կէտ, 2 թրի փոյնթ), Էլի Ռըսթոմ (11 կէտ, 3 թրի փոյնթ):

Շաբաթ օր ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Սաժես, որ այս հանգրուանին արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` կողովի մը տարբերութեամբ միայն (79-77) յաղթելով Հուփսի:

Նախքան մրցումը սկսիլը, երկու կազմերը կրած էին երկուքական պարտութիւն:

Սաժեսէն Թերել Սթոկլին նշանակեց 37 կէտ, մինչ Հուփսէն Կերըթ Տարիուս` 26 կէտ, իսկ անոր խմբակից Ալի Մըզհեր` 21 կէտ:

Գ. հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ:

Թատամոն 101-93 արդիւնքով յաղթեց Շանվիլի, իսկ Պիպլոս` Մէյրուպայի (77-74):

Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի նման Պիպլոս եւս արձանագրած է երեք յաղթանակ:

Այս հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երեկոյեան ժամը 21:40-ին, երբ Սանթրալի մէջ Լուէյզի կը հիւրընկալէ Ռիատին:

 

Նախորդը

Մխիթարեանի Առաջին Կոլը «Օլտ Թրեֆորտ»-ի Մէջ

Յաջորդը

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պէյրութ Յաղթական

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.