Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

December 10, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վաղը` Մութթահետ – ՀՄԸՄ

Տուայն Ճեքսըն (աջին) եւ Մորիս Քեմփ
Տուայն Ճեքսըն (աջին) եւ Մորիս Քեմփ

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումները աւարտեցան երէկ, երբ ՀՄԸՄ իր դաշտին` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Թատամոնը:

ՀՄԸՄ իր համակիրներուն ներկայութեան ինքզինք պարտադրելով իր մրցակիցին վրայ, արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը, մինչ Թատամոն կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը` 96-80 արդիւնքով (25-15, 44-38, 66-61 եւ 96-80):

Այսպիսով, ՀՄԸՄ եւ Պիպլոս 2-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք կը մնան ցարդ անպարտելի միակ երկու խումբերը:

Երէկուան այս մրցումին, ՀՄԸՄ առաջին իսկ վայրկեաններէն ճնշեց իր մրցակիցին վրայ եւ իր նշանակած կէտերուն շնորհիւ յաջողեցաւ առաջին քորթըրին ունենալ 10 կէտի առաւելութիւն մը:

Իսկ մրցումին ընթացքին ՀՄԸՄ յաջողեցաւ կէտերու տարբերութիւնը բարձրացնել մինչեւ 17-ի (83-66):

Մրցումին ընթացքին առիթով մը Թատամոն կէտերու տարբերութիւնը նուազեցուց մինչեւ 3 կէտի, բայց ատիկա շատ երկար չտեւեց եւ ՀՄԸՄ-ի տղաքը դարձեալ ղեկը առին իրենց ձեռքերուն մէջ:

Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց ՀՄԸՄ-էն Տուայն Ճեքսըն` 31 կէտ, 9 ռիպաունտ:

Քեւին Կալուէյ (աջին) եւ Ռոնի Ֆահտ
Քեւին Կալուէյ (աջին) եւ Ռոնի Ֆահտ

Իսկ մնացեալ կէտերը նշանակեցին. Նատիմ Սուէյտ` 8 կէտ, 7 ռիպաունտ, 4 էսիսթ (ներառեալ` 2 թրի փոյնթ), Աթեր Մաժոք` 19 կէտ, 11 ռիպաունտ, Էլի Շամուն` 9 կէտ (3 թրի փոյնթ), Քեւին Կալուէյ` 14 կէտ, 9 ռիպաունտ, 7 էսիսթ, Ֆատի Խաթիպ` 14 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ Հայկ Կէօքճեան` 1 կէտ, 3 ռիպաունտ:

Իսկ Թատամոնէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Մորիս Քեմփ` 25 կէտ, 14 ռիպաունտ, ապա` Իրվեն Մորիս (19 կէտ) եւ Եոնաթըն Հոլթըն (7 կէտ, 9 ռիպաունտ):

ՀՄԸՄ 24 թրի փոյնթերէն 7-ն հասցուց իր նպատակին (29 առ հարիւրը), մինչ Թատամոն` 35-էն 6-ը (17 առ հաիւր): ՀՄԸՄ ձեռք ձգեց 51 ռիպաունտ, իսկ Թատամոն` 42:

Օրուան իրաւարարներն էին` Ռապահ Նըժէյմ, Ատել Խուէյրի եւ Քլոտ Ապի Ժըպրայել:

Ինչ կը վերաբերի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, անիկա կը սկսի այսօր:

Ցարդ իրենց կատարած երկու մրցումներուն պարտութիւն կրած Սաժես եւ Հուփս կը մրցին իրարու դէմ, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Ղազիրի մէջ:

ՀՄԸՄ իր մրցումը կը կատարէ վաղը, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Թրիփոլիի մէջ հիւրը ըլլալով Մութթահետին:

 

Նախորդը

Ֆութսալ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Էլիթ Էշրեֆիէ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Պայրագտարեան Հեծելարշաւի Մրցանակակիր  Մարզիկները Պատուեց
Մարզական

Հեծելարշաւ. Պայրագտարեան Հեծելարշաւի Մրցանակակիր Մարզիկները Պատուեց

January 31, 2026
Կերակուսեան Կոլ Մը Նշանակեց  Եւ Էսիսթ Մը Տուաւ, Բայց… Հեռացուեցաւ Դաշտէն
Մարզական

Կերակուսեան Կոլ Մը Նշանակեց Եւ Էսիսթ Մը Տուաւ, Բայց… Հեռացուեցաւ Դաշտէն

January 31, 2026
Ֆութսալ.  Այսօր` Հայաստան – Խրուաթիա
Մարզական

Ֆութսալ. Այսօր` Հայաստան – Խրուաթիա

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.