«ԱՍ»-ի համաձայն, Պարսելոնա այժմ աշխատանք կը տանի իր արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի գործող պայմանագրութիւնը երկարաձգելու:
Կը կարծուի, որ Պարսա անոր պիտի առաջարկէ տարեկան 35 միլիոն եւրօ աշխատավարձ` առանց հարկերու (հարկերով` 70 միլիոն եւրօ):
Այժմ Մեսսի իր ակումբէն տարեկան կը գանձէ 24 միլիոն եւրօ, իսկ անոր գործող պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2018-ի ամրան:
Նշենք, որ վերջերս Պարսելոնա պրազիլցի Նէյմարի պայմանագրութիւնը երկարաձգեց մինչեւ 2021, տարեկան 35 միլիոն եւրօ աշխատավարձով: