
Ռուս թենիսվումըն Մարիա Շարափովա, որ խթանիչ դեղեր գործածած ըլլալուն համար 1,5 տարիով կախակայուած էր, վերադառնալով թենիսի դաշտերը կատարեց իր առաջին մրցումը:
Սակայն անոր վերադարձը պարտութեամբ սկսաւ, երբ ան Փորթօ Ռիքոյի մէջ ցուցադրական մրցումի մը ընթացքին պարտութիւն մը կրեց Ռիօ-2016-ի ողիմպիականի ախոյեան Մոնիքա Փունքիէն:
Նշենք, որ 29 տարեկան Շարափովա պաշտօնական իր մրցումներուն կրնայ սկսիլ ապրիլ 2017-ին:


