
Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 17 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ – Սաժես մրցումը, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Բնականաբար, իւրաքանչիւր խումբ պիտի ուզէ ինք ըլլալ մրցումին յաղթականը` բարելաւելու համար դասաւորման մէջ իր դիրքը:
ՀՄԸՄ ցարդ արձանագրած է 3 յաղթանակ, մինչ Սաժես` 1, կրելով 2 պարտութիւն:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի լաւ եւ ներդաշնակ խաղարկութիւն մը ունենալ, մինչ համակիրներէն` ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:
Նշենք, որ այս հանգրուանը կ՛աւարտի վաղը, երբ ժամը 17:00-ին Մանարայի մէջ Ռիատի կը հիւրընկալէ Պիպլոսը, որ իր կարգին արձանագրած է 3 յաղթանակ:


