«Պունտըսլիկա»-ի նորեկ Օկզպուրկ որոշեց պաշտօնանկ ընել իր մարզիչը` Տըրք Շուսթըրը (48 տարեկան), խումբին արձանագրած բաւական ձախող արդիւնքներուն պատճառով:
Այս տարեշրջանին, ախոյեանութեան գծով ցարդ իր կատարած վերջին 9 մրցումներէն միայն մէկուն անիկա յաղթանակ արձանագրած է:
Պահեստի խումբի մարզիչ Մանուէլ Պաում ժամանակաւորապէս ստանձնեց անոր պաշտօնը:
Այժմ խումբը կը գրաւէ 13-րդ դիրքը` 3 յաղթանակով: