News.am-Sport կայքը հաղորդեց, որ Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնը ցարդ կը մնայ առանց նախագահի եւ ընտրութիւն կատարելու առնչութեամբ իր աշխատանքը կը շարունակէ:
Շուրջ մէկ տարիէ ի վեր ֆետերասիոնի նախագահի պաշտօնը թափուր ըլլալով, ֆետերասիոնին բոլոր հարցերով կը զբաղի ընդհանուր քարտուղար, Հայաստանի տղոց հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Փաշիկ Ալավերդեան:
Այնպէս կը թուի, որ ան քիչ մը դժգոհ է այդ վիճակէն, որովհետեւ իր խօսքին մէջ կ՛ըսէ, որ ֆետերասիոնը ունի 27 աշխատակից, մինչ ինք առանձին է: