Լիմասոլի մէջ սկսան սամպոյի դեռահասներու (Քատեթ) աշխարհի 2016-ի ախոյեանութեան մրցումները` մասնակցութեամբ շուրջ 20 երկիրներու, որոնց կարգին է նաեւ Հայաստան:
Մրցումներուն առաջին օրն իսկ Հայաստանը ներկայացնող արցախցի Կարէն Սարգսեան 42 քկ դասակարգին մէջ տիրացաւ արծաթ մետալին, կը յայտնէ News.am-Sport կայքը:
Երէկ հայրենի երկու մարզիկներ իրենց կարգին տիրացան երկու յաւելեալ մետալներու:
46 քկ դասակարգին մէջ Դաւիթ Յովսէփեան տիրացաւ արծաթ մետալին, իսկ Դաւիթ Իսրայէլեան (55 քկ)` երրորդ դիրքին: