Երէկ, Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ աւարտեցաւ «Լոնտոն Չես Քլասիք» ճատրակի միջազգային մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցան 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի հանդիպումները:
Հայաստանի ազգային հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, իր կատարած վերջին մրցումին ճերմակ քարերով պարտուեցաւ պուլկարացի Վեսելին Թոփալովէն` 53-րդ շարժումին:
Արոնեան, որ մրցաշարքը աւարտեց 4 կէտով, բաժնեց 7-9 դիրքը: Տիտղոսին տիրացաւ ամերիկացի Ուեսլի Սօ, որ ապահովեց 6 կէտ: Անկէ կէս կէտով ետ մնաց անոր ամերիկացի ազգակիցը` Ֆապիանօ Քարուանա: