
«Լոնտոն Չես Քլասիք-2016»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքի 6-րդ հանգրուանին գծով իր կատարած ճակատումին Հայաստանի զօրաւորագոյն ճատրակ խաղացողը` Լեւոն Արոնեան, սեւ քարերով պարտութիւն մը կրեց ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ – Լակրաւէն:
Արոնեանի մրցակիցը իր այս յաղթանակը արձանագրեց 41-րդ շարժումին:
Արոնեան այժմ 3 կէտով կը բաժնէ 4-8-րդ դիրքը:


