«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուած երէկուան մրցումներուն, երկրորդ երկարաձգումէն ետք Օրլանտօ Մեճիք 136-130 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Մայեմիէն, ուր պարտութեան մատնեց Հիթը: Վերջինիս մաս կազմող Հասան Ուայթսայտ նշանակեց 32 կէտ:
Սաքրամենթօ Քինկզ հինգ կէտի տարբերութեամբ` 126-121 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզին: Յաղթական կազմին մարզիկներէն` Տեմարքուս Քուսինս նշանակեց 55 կէտ:
35 կէտի հեղինակ դարձաւ Քարմելօ Անթոնի, երբ անոր կազմը` Նիւ Եորք Նիքս, յաղթեց իր հիւրին` Ինտիանա Փէյսըրզին (118-111):
Պոսթըն Սելթիքս երկարաձգումէն ետք 112-109 արդիւնքով յաղթեց Մեմֆիս Կրիզլիզին: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Իսայահ Թոմաս նշանակեց 44 կէտ, մինչ Կրիզլիզի մաս կազմող Մարք Կազոլ նշանակեց 24 կէտ:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Նիւ Օրլինզ | 93-108 |
Շարլոթ Հոռնեթց – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ | 117-113 |
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Պրուքլին Նեթց | 116-104 |
Նիւ Եորք Նիքս – Ինտիանա Փէյսըրզ | 118-111 |
Մայեմի Հիթ – Օրլանտօ Մեճիք | 130-136 |
Միլուոքի Պաքս – Քլիվլենտ Քաւալիրզ | 108-114 |
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Պոսթըն Սելթիքս | 109-112 |
Հիուսթըն Ռոքեթց – Սան Անթոնիօ Սփըրզ | 100-102 |
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Տենվըր Նակեթց | 119-102 |
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Եութա Ճեզ | 104-74 |
Սաքրամենթօ Քինկզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ | 126-121 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Միլուոքի Պաքս
Աթլանթա Հոքս – Մինեսոթա Վուլվզ
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Շիքակօ Պուլզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ
Նիւ Օրլինզ – Օքլահոմա Սիթի
Եութա Ճեզ – Սաքրամենթօ Քինկզ
Ֆէոնիքս Սանզ – Հիուսթըն Ռոքեթց
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Տալաս Մավըրիքս