Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 21 դեկտեմբերին, Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը կատարէ տարեշրջանի իր առաջին մրցումը` ճակատելով Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլի դէմ:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:30-ին:
Նշենք, որ Ա. հանգրուանին ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցում չկատարեց` նկատի ունենալով, որ ախոյեանութեան մասնակցող խումբերը անզոյգ են եւ իւրաքանչիւր խումբ մէկ հանգրուան հանգիստի մէջ պիտի ըլլայ:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի տպաւորիչ եւ լաւ ներկայացումով սկսիլ այս նոր տարեշրջանը, իրենց կողքին ունենալով իրենց համակիրները, որոնք բնականաբար ուղղուելով դաշտ, պիտի քաջալերեն իրենց կազմը:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն տրամադրուած են փոխադրակառքեր, որոնք Պուրճ Համուտի հրապարակէն, ինչպէս նաեւ Ֆանարի եւ Ռաուտայի ակումբներէն երեկոյեան ժամը 18:30-ին պիտի ուղղուին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր: