
Երէկ` երեքշաբթի, 20 դեկտեմբերին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ էլ Տիպ), տեղի ունեցաւ յանձնումի եւ ստանձնումի արարողութիւն, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախկին հաշուապահ Ժորժ Սապունճեանի եւ նոր հաշուապահ Ռոժէ Աշքութիի միջեւ:
Այս արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նոր գանձապահ Էլի Ֆարհաթ:
Հանդիպումին ընթացքին Սապունճեան յաջողութիւն մաղթեց Աշքութիի` իր նոր պաշտօնը ստանձնելուն առիթով:


