
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան երէկուան մրցումներուն, ներկայ ախոյեան Քլիվլենտ Քաւալիրզ 113-102 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Միլուոքի Պաքսին: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քիրի Ըրվինկ նշանակեց 31 կէտ:
Երէկուան մրցումներուն, ամէնէն աւելի կէտը (41) նշանակեց Ռասըլ Ուեսթպրուք, երբ անոր կազմը` Օքլահոմա Սիթի, 121-110 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Նիւ Օրլինզի դաշտէն: Այս վերջինին մաս կազմող Անթոնի Տէյվիս, նշանակեց 34 կէտ:
Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Ճէյմզ Հարտենի կազմը` Հիուսթըն Ռոքեթց, որ Ֆէոնիքսի մէջ 125-111 արդիւնքով պարտութեան մատնեց տեղւոյն Սանզը: Հարտեն նշանակեց 27 կէտ:
38 կէտ նշանակեց Մարք Կազոլ, իր կազմին Մեմֆիս Կրիզլիզի արձանագրած յաղթանակին ընթացքին` Տիթրոյիթ Փիսթընզի դէմ (98-86):
Շիքակօ Պուլզ 107-97 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Ուաշինկթըն Ուիզըրտծէն:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Միլուոքի Պաքս | 113-102 |
Աթլանթա Հոքս – Մինեսոթա Վուլվզ | 84-92 |
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ | 86-98 |
Շիքակօ Պուլզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ | 97-107 |
Նիւ Օրլինզ – Օքլահոմա Սիթի | 110-121 |
Եութա Ճեզ – Սաքրամենթօ Քինկզ | 93-94 |
Ֆէոնիքս Սանզ – Հիուսթըն Ռոքեթց | 111-125 |
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Տալաս Մավըրիքս | 95-96 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Ինտիանա Փէյսըրզ – Պոսթըն Սելթիքս
Պրուքլին Նեթց – Կոլտըն Սթէյթ Պլէյզըրզ
Նիւ Եորք Նիքս – Օրլանտօ Մեճիք
Մայեմի Հիթ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ