
20 տարուան սպասումէ մը ետք Հայաստանի ողիմպիականի ոսկի մետալ մը պարգեւած ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան, Հայաստանի մարզական լրագրողներու ֆետերասիոնին կողմէ ճանչցուեցաւ իբրեւ Հայաստանի 2016-ի լաւագոյն մարզիկ: Ան այսպիսով այս մրցանակին կը տիրանայ յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով:
Գիւմրեցի յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Միրան Յարութիւնեան, որ Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերու աւարտականին պարտուեցաւ իրաւարարներուն կողմնակալութեան պատճառով, Արթուր Ալեքսանեանի ետին գրաւեց երկրորդ դիրքը:
Լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց ծանրաբարձ եւ ողիմպիականի փոխախոյեան Սիմոն Մարտիրոսեան, որուն յաջորդեց այլ ծանրաբարձ մը` Գոռ Մինասեան, որ իր կարգին տիրացած էր արծաթէ մետալի:
Իսկ 5-րդ դիրքին վրայ յայտնուեցաւ Եւրոպայի 2016-ի ծանրաբարձութեան ախոյեան հանդիսացած Նազիկ Աւդալեան:
Լաւագոյն մարզիկի այս ընտրութեան մասնակցեցան 35 մարզական լրագրողներ: