Հայաստանի 2016 տարուան լաւագոյն մարզիչը ճանչցուեցաւ Շիրակ Գիւմրիի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Բիչախչեան: Անոր յաջորդեց գործող ախոյեան Ալաշկերտի գլխաւոր մարզիչը` Աբրահամ Խաշմանեան, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Արթուր Ոսկանեան, որ 21 տարեկանէն վար Հայաստանի հաւաքականին եւ Բանանց Երեւանի գլխաւոր մարզիչն է:
Բիչախչեան ապահովեց 154 կէտ, Խաշմանեան` 122 կէտ, մինչ Ոսկանեան` 59 կէտ:
Նշենք, որ քուէարկութեան մասնակցած բոլոր մարզական լրագրողները (բացի մէկէն) առաջին դիրքին վրայ դասեցին Խաշմանեանը: