Թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի մրցաշարքի տիտղոսին տիրացած ողիմպիական խաղերու ախոյեան Խուան Մարթին Տել Փոթրօ երէկ ճանչցուեցաւ իբրեւ Արժանթինի 2016-ի տարուան լաւագոյն մարզիկը:
Լուրը հաղորդող «Լա Նասիոն» պարբերականը կը նշէ, որ 28 տարեկան մարզիկը երկրորդ անգամ ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին: Ան առաջին անգամ տիտղոսին տիրացած էր 2009-ին: