Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան անգլիական «Տը Կարտիըն»-ի կողմէ դարձեալ ընդգրկուեցաւ աշխարհի 100 լաւագոյն ֆութպոլիստներուն ցանկին մէջ` բարձրանալով 57-րդ դիրք:
«Ժոզէ Մուրինիոն բուռն կերպով քննադատեցին` Մխիթարեանը չխաղցնելու համար, բայց եւ այնպէս, վերջերս, ֆութպոլիստը յայտարարեց, որ խնդիրը իր մէջ է: Արագ, անորսալի ու գրագէտ Մխիթարեան, նախորդ տարեշրջանին հրաշալի ֆիզիքական կազմուածք մը ունենալուն շնորհիւ Պորուսիա Տորթմունտի կազմին մէջ ըլլալով 20 դիրքի ոստում մը արձանագրեց ֆութպոլիստներու ցանկին մէջ:
Պարբերաթերթը կը գրէ, որ Մխիթարեան նախորդ ամիս յաջող խաղ ցուցադրեց նաեւ Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ: Բնականաբար ան 2017-ին աւելիին պիտի ձգտի: