
Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ երէկ յայտարարեց, որ երկու ամիս առաջ Վոլֆսպուրկի կողմէ պաշտօնանկ եղած Տիեթըր Հեքինկ նշանակուեցաւ ակումբին նոր մարզիչ:
52 տարեկան Հեքինկ 2012-էն ի վեր Վոլֆսպուրկի մարզիչն էր, բայց պաշտօնազրկուեցաւ նկատի ունենալով, որ ան այս տարեշրջանին Պունտըսլիկայի առաջին եօթը մրցումէն ապահովեց միայն 6 կէտ:
Ան պիտի փոխարինէ Անտրէ Շիւպերթը, որ նախանցեալ օր կորսնցուց իր պաշտօնը:
5 անգամ Գերմանիոյ ախոյեան հանդիսացած Մէօնշընկլատպախ այժմ կը գրաւէ դասաւորման 14-րդ դիրքը` 16 կէտով: