Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Կիներու Միջազգային Օրուան Նշում
Չորեքշաբթի, 8 մարտ 2023-ին, Կիներու միջազգային օրուան առիթով, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տիկնանց յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ Քասլիքի «Միւրէյ» ճաշարանին մէջ: Ճաշկերոյթին կը նախագահէր քոլեճի բարերարներէն տիկին Օսի Քէսմէեան: Ներկայ էին ծնողք տիկիններ, նախկին ծնողք տիկիններ, շրջանաւարտ տիկիններ եւ վարժարանին մօտիկ բարեկամուհիներ: Ընկերային ուրախ եւ հաճելի մթնոլորտի մէջ ձեռնարկին բացումը կատարեց տիկնանց յանձնախումբի ատենապետուհի Միրնա Կապոնեան,...




















