Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խաղաղ Եւ Անփորձանք Կեանք Կը Մաղթենք Մեր Բոլոր Ուսուցիչներուն

March 9, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուսուցչաց տօնին առիթով դարձեալ քաղցր բախտը կ’ունենանք մտածելու անոնց մասին, որոնք նուիրումով ու ծառայութեամբ, մեր դպրոցներուն ճամբով, վաղուան կեանքին համար կը պատրաստեն մեր ժողովուրդի զաւակները:

Պատահականութիւն չէ Ուսուցչաց տօնը եւ ոչ ալ` արհեստականօրէն ստեղծուած առիթ: Ընդհակառա՛կը, ան կու գայ մեր ընկերութեան երախտաւոր գիտակցութենէն` հանդէպ այն նուիրեալներուն, որոնք` իբրեւ դաստիարակներ, ոչ միայն իրենց ժամանակէն, կարողութենէն ու մտքէն կու տան, այլեւ մարդը կրթելու, ազնուացնելու եւ ընկերութիւնը գիտակից ու քաղաքակիրթ դարձնելու համար նաեւ ինքզինքնին կու տան:

Ուսուցչաց տօնը վստահաբար  մեզի համար նախ առիթ է ողջունելու լիբանանահայ մեր վարժարաններուն կրթական մշակները, որոնք նուիրումով, համբերութեամբ ու բծախնդրութեամբ ոչ միայն մեր զաւակներուն միտքը կը մշակեն, այլեւ անոնց մէջ կը զետեղեն մեր ազգային գերագոյն շահերուն ու ձգտումներուն գիտակցութիւնը:

Այս առթիւ մեր հաւաքականութիւնը  պէտք է զգայ, թէ ուսուցիչը հայ դպրոցին ճամբով կը շարունակէ շատ բան տալ հայ կեանքին, մասնաւորաբար` լիբանանահայ մեր կեանքին, որ նկարագրով տիրականօրէն կը մնայ հայկական, որովհետեւ հայ դպրոցը իր նախախնամական դերով այնքան սերտօրէն կապուած կը մնայ մեր կեանքին:

Արդարեւ, հակառակ մեր ապրած տեսակաւոր խնդիրներուն ու դժուարութիւններուն ու մեր աշխատանքներուն մէջ նշմարուող նահանջին, տակաւին մեր իրականութեան մէջ կայ նուիրումի եւ խղճամիտ աշխատանքի փաստ, կայ մտաւոր չքաւորութեան դէմ պայքարելու պատրաստակամութիւն, կայ նախկին սերունդներուն կերտած հայեցի աւանդը պահելու եւ զայն յաջորդող սերունդներուն փոխանցելու յանձնառութիւն ու հոսանքն ի վեր թիավարելու խիզախ կեցուածք: Այդ բոլորը կը կատարուին հայ դպրոցի երդիքին տակ եւ առաւելաբար մեր ուսուցիչներուն անգնահատելի վաստակովն ու նուիրումովը:

Մեր ժողովուրդը պէտք է գիտակցի, որ անհաշիւ տագնապներու բովէն անցնող լիբանանահայ մեր կեանքը կը մնայ կանգուն, որովհետեւ անցնող տասնամեակներուն հայ դպրոցը իր իւրայատուկ դրոշմը հաստատած է այդ կեանքի բոլոր ոլորտներուն վրայ: Այդ իսկ պատճառով լիբանանահայութեան յոյսը կապուած կը մնայ Լիբանանին, ուր մեր ամրութեան ամենազօրեղ յենարանը կը մնայ հայ դպրոցը, որուն գոյացուցած արդիւնքին շնորհիւ մեր ընկերութիւնը չի գունաթափիր, այլ վաղուան լուսաւոր տեսիլքներու ակնկալութեամբ, կը մնայ հաւատարիմ ու աննահանջ` յամառօրէն կառչած իր արմատներուն ու ազգային աւանդին:

Իրենց տօնին առիթով խաղաղ եւ անփորձանք կեանք կը մաղթենք մեր բոլոր ուսուցիչներուն եւ կ՛աղօթենք, որ աշխարհի փոթորկող քամիներուն դիմաց մեր վարժարաններուն մէջ հաւատքով ու քրտինքով կերտուածը դիմանայ երկար:

Եւ վերջապէս, մեր կեանքի պայմաններուն մէջ կրնայ շատ բան փոխուիլ, սակայն  հայ դպրոցին նկատմամբ ու մեր ուսուցիչներուն հանդէպ մեր սրտերը կը մնան ընդմիշտ երախտագէտ:

Աղօթարար`
ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ

 

 

Նախորդը

Ուսուցչաց Տօն. Ապրող Հերոսներ

Յաջորդը

«Հայաստանը Ահաբեկչական Քաղաքականութիւն Կը Վարէ» Կ՛ըսէ Պաքու

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.