Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի 42-րդ Հատորի Շնորհահանդէս Ու Գործակցութեան Յուշագիրի Ստորագրութիւն Հայաստանի Պատմութեան Թանգարանին Եւ Հայկազեան Համալսարանին Միջեւ

Մարտ 8, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 3 մարտին, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի պատուոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի 42-րդ հատորի զոյգ գիրքերուն շնորհահանդէսը` ներկայութեամբ թանգարանի տնօրէն դոկտ. Դաւիթ Պօղոսեանի, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի, հայրենի հայագիտական զանազան կեդրոններու ներկայացուցիչներու, հայագիտութեան աւելի քան 50 մշակներու, հանդէսի հին ու նոր աշխատակիցներու, բարեկամներու եւ գրքասէրներու:

Թանգարանի փոխտնօրէն դոկտ. Նժդեհ Երանեան բարի գալուստի խօսքին մէջ իր ուրախութիւնը յայտնեց, թէ առաջին անգամ է,  որ թանգարանը նման ձեռնարկ մը կը կայացնէ: Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց` ընդգծելով, որ նորատեսակ այս գործակցութիւնը` Պատմութեան թանգարանին եւ Հայկազեան համալսարանին միջեւ  իր առաջին իսկ քայլերէն շատ արդիւնաւէտ եղաւ, եւ թէ` կողմերը շատ արագ գտան հասարակ յայտարարները եւ նպատակները: Դոկտ. Երանեան յոյս յայտնեց, որ այս գործակցութիւնը առաւել կը ծաղկի ու կը ծառայէ հայագիտութեան:

Յայտնի արուեստաբան, արուեստագէտ, հայկական ձեռարուեստի ու ասեղնագործութեան վաստակաւոր Հրազդան Թոքմաճեան խօսեցաւ Հայկազեան համալսարանի իր փորձառութենէն: Ան ոգեւորութեամբ արտայայտուեցաւ Լիբանանի ու սփիւռքի մէջ համալսարանին դերին ու տեղին մասին եւ ընդգծեց, որ հակառակ Լիբանանի խորապէս դժուար պայմաններուն` համալսարանը իր առաւելագոյնը կ՛ընէ ծառայելու միջավայրին, հաւաքականութեան եւ տարածելու իր ակադեմական, մշակութային ու մանկավարժական լիցքն ու բերքը Լիբանանի հայ եւ ոչ հայ շրջանակներուն: Թոքմաճեան բացատրեց, որ համալսարանը իմաստութեամբ եւ ճարտարօրէն կը գործէ Լիբանանի ընձեռած անհնարինութեան եւ նուազագոյն հնարաւորութեան միջեւ եղած լուսանցքին մէջ: Ան հաւաստեց, որ այս քաղաքականութիւնը յաջող է եւ կու տայ իր բարերար արդիւնքները, որմէ կ՛օգտուի հայութիւնը: Այս առումով, ան իբրեւ օրինակ բերաւ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ը եւ նշեց, որ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ տեղի ունեցող այս շնորհահանդէսը ապացոյց է, որ համալսարանը իր յաջողութիւնները կը բաժնեկցի իր միջավայրին հետ:

«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի պատասխանատու խմբագիր դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան հակիրճ ներկայացուց զոյգ գիրքերուն բովանդակութիւնը, նորութիւնները եւ արտայայտեց իր մտորումները` հայագիտութեան ոչ աւանդական սահմանումի ծիրին մէջ: Ան ըսաւ, որ հայագիտութիւնը պարտի ռազմավարական անցում կատարել այն հունէն ուրկէ կ՛ընթանար մինչեւ 1991-ի Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան հռչակումը:  Դոկտ. Տագէսեան խթանող մտահոգութիւններ արտայայտեց հայագիտութեան ներկայ ուղղութիւններուն խնդրով` ընդգծելով, որ այսօր հայագիտական կենսական բնագաւառներ կան, որոնք պէտք ունին աւելի խորունկ ուսումնասիրութեանց, եւ առաջարկեց աւելի շատ օգտագործել միջուսմունքային եւ բաղդատական մօտեցումներ, նշելով նաեւ, որ հետազօտութիւնները աւելի հիմնուին մարդասիրական բնագաւառներու տեսութիւններու վրայ, այնտեղ գերակշռեն վերլուծական, դրդապատճառային, պատճառահետեւանքային մօտեցումները, քան թէ` նկարագրական-պատմողական կողմը: Ան շեշտեց ժամանակակից հայկական ընկերաբանութեան, հոգեբանութեան, քաղաքական գիտութիւններու, ժողովրդագրութեան, երկրագործութեան, տնտեսագիտութեան, պետականութեան եւ նման բնագաւառներու նիւթերու ուսումնասիրման կարիքը:

Իր խօսքին մէջ դոկտ. Պօղոսեան ուրախութիւն յայտնեց նման ձեռնարկ մը հիւրընկալելու առիթով եւ գոհունակութիւն` Հայկազեան համալսարանի հետ գործակցութեան յուշագիր ստորագրելու խնդրով: Ապա ան հրաւիրեց վեր. դոկտ. Հայտոսթեանը, որ մատնանշեց, թէ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ին շնորհահանդէսը տեղի կ՛ունենայ նման պատկառելի թանգարանի եւ կեդրոնական  վայրի մը մէջ: Վեր. դոկտ. Հայտոսթեան ընդգծեց, որ հանդէսն ու նման հրատարակութիւնները ունին պարտականութիւնը ամէն հայկական բան ուսումնասիրելու, հանրայնացնելու, մատչելի դարձնելու եւ նպաստելու յաւելեալ գիտելիքի ձեռքբերման:  Ան ըսաւ. «Ճիշդ է, որ հրատարակութիւններ եւ թանգարան անցեալի վրայ հիմնուած են, բայց կ՛ուղղուին ու կը մատնանշեն ժողովուրդի ապագան»:

Շնորհահանդէսը փակուեցաւ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին եւ Հայկազեան համալսարանին միջեւ կնքուած գործակցութեան յուշագիրով:

«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի 42-րդ հատորին երկու գիրքերը կ՛ընդգրկեն` 67 ուսումնասիրական յօդուածներ, քննարկումներ, հաղորդումներ, հրապարակումներ, գրախօսական եւ շուրջ 30 մահագրականներ: Զոյգ գիրքերուն աշխատակիցները կ՛ապրին` Արժանթին, Եգիպտոս, Թուրքիա, Լիբանան, Հայաստանի Հանրապետութիւն,  Միացեալ Նահանգներ, Յունաստան, Չեխիա, Սուրիա եւ Քանատա:

Գիրքերուն թուային տարբերակը կարելի է ներբեռնել Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային եւ ակադեմիայի գրադարաններու, ինչպէս նաեւ Հայկազեան համալսարանի կայքէջերէն:

Նախորդը

«Մեր Շուկան» Կը Շարունակէ Գոհացնել Լիբանանահայութեան Հետաքրքրութիւնները

Յաջորդը

Երկրաշարժի Ցնցումներն Ալ Պիտի Վերջանան

RelatedPosts

Մեծարանքի Հանդիսութիւն Հայ Աւետարանական Վարժարաններու Վաստակաւոր Կրթական Մշակներու
Գաղութային

Մեծարանքի Հանդիսութիւն Հայ Աւետարանական Վարժարաններու Վաստակաւոր Կրթական Մշակներու

Մարտ 31, 2023
Դաշնակցական Մտաւորական Վազգէն Էթիեմեզեանի  Ծննդեան 80-Ամեակի Նշում  Եւ «Շաբթուան Մտածումը» Գիրքի Շնորհահանդէս
Գաղութային

Դաշնակցական Մտաւորական Վազգէն Էթիեմեզեանի Ծննդեան 80-Ամեակի Նշում Եւ «Շաբթուան Մտածումը» Գիրքի Շնորհահանդէս

Մարտ 30, 2023
Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմին-ԿԱՄՔ-ին Կը Նուիրեն
Գաղութային

Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմին-ԿԱՄՔ

Մարտ 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In