27 փետրուար 2023-ի երեկոյեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ մտաւորական, բանասէր, մատենագէտ, պատմաբան ու խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեանի նուիրուած յուշ-երեկոյ, որուն ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ անոր նուիրուած «Անկրկնելի Ժիրայր Դանիէլեանը» խորագրեալ հատորին շնորհահանդէսը:
Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ կաթողիկոսարանի դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան, որ կարդաց Դանիէլեանի մահուան առիթով առցանց հրապարակած իր սրտի խօսքը, ուր վեր առաւ Ժիրայր անկեղծ բարեկամը, գրչի ու մտքի ընկերակիցն ու գործակիցը, ազգային, կրթական ու հասարակական կեանքին մէջ մնայուն ներկայութիւն ունեցող մտաւորականը: Ան խօսեցաւ Դանիէլեանի անկոտրում կամքին մասին` գէթ ազդուած Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն, ու հաստատեց, որ Դանիէլեանին ձգած վաստակն ու արժանիքները, թեթեւ ու սրամտութեամբ լեցուն կատակներուն կողքին, պիտի շարունակուին յիշուիլ:
Ապա փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեան անդրադարձաւ Ժիրայր Դանիէլեանի գրական վաստակին` շեշտելով, ան որ տիրապետած էր բանասիրութեան երեք հիմնական բաժիններուն` գրականութեան պատմութեան, տեսութեան եւ քննադատութեան, եւ հմուտ էր անոր ամէնէն դժուար բաժնին` մատենագիտութեան: Դանիէլեան իր գործին բացառիկ գիտակ մըն էր, եւ անոր իւրաքանչիւր գործը արժանի է գիտական աստիճանի: Տէր Խաչատուրեան հաստատեց, որ Դանիէլեանին գրութիւնները խիտ են եւ բովանդակալից, իսկ ուսումնասիրութիւնները լոկ որոնումներ չեն, այլ` յայտնաբերութիւններ: Աւելի՛ն. ան ըմբռնած էր բանասիրութեան իւրայատուկ լեզուն ու հասկացողութիւնները եւ գիտական, բանասիրական շարադրանքի լեզուով կ՛արտադրէր իր գործը, բան մը, որ եզակի էր Սփիւռքի մէջ: Ան ցաւ յայտնեց Դանիէլեանի տեղը թափուր մնալուն համար, սակայն համոզում արտայայտեց, որ անոր մասին ուսումնասիրութիւններ պիտի կատարուին, որովհետեւ ան այն հեղինակն է, որ գիտական հարուստ ժառանգութիւն ձգեց: Այս մասին, բանախօսը յատկապէս նշեց կարեւորութիւնը «Մատենագիտութիւն ընդդէմ ցանկագրութեան» մատենագիտական ճշդումներու այն վիթխարի աշխատանքին, զոր եթէ Ժիրայր Դանիէլեան չաշխատասիրէր, ոչ ոք պիտի կարենար կատարել այդ գործը:
Ներկայացնելով «Անկրկնելի Ժիրայր Դանիէլեանը» հատորը` փրոֆ. Տէր Խաչատուրեան թուեց Ժիրայր Դանիէլեանի ի պատիւ կատարուած պարգեւատրութիւնները եւ ըսաւ, որ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ 2005 թուականին «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանի տուչութեան, առիթով հրապարակուած սրբատառ կոնդակով, բացման խօսքով ու բանախօսութեամբ կը սկսի հատորը` «Իր մեծարումը» վերնագիրով: Ասոր կը յաջորդէ «Իր գործը»-ն, որ կը բաղկանայ իր գործը ներկայացնող 14 յօդուածներէ: Գիրքին երրորդ բաժինը կը կրէ «Իր խօսքը» վերնագիրն ու կ՛ընդգրկէ Յակոբ Վարդիվառեանին ու Պարոյր Աղպաշեանին հետ ունեցած իր ընդարձակ հարցազրոյցները. իսկ վերջինը` «Իր անձը», որ կը ներկայացնէ իր մասին գրուած եօթը յօդուածներ:
Փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեան խօսքը եզրափակեց` ըսելով. «Ժիրայր Դանիէլեանին. ան լուսաւոր մարդ էր, բացառիկ անհատականութեամբ, եւ անոր թողած հետքը իր գործերն են, իսկ յիշատակը լուսաւոր է»:
Օրուան երկրորդ բանախօսն էր դոկտ. Երուանդ Քասունին, որ ըսաւ, թէ Դանիէլեան երիտասարդ տարիքէն ընկերային հասարակական կեցուածք ունեցող մարդ էր` անզիջող, բայց` ոչ յամառ: Ան մեծ ներդրում ունեցած էր Հայկազեան համալսարանի հայագիտական գրադարանի կազմաւորման, մանաւանդ գրքահաւաքի աշխատանքին մէջ: Նշելով գիրքերու ու գրականութեան հանդէպ յատուկ սէր տածող Դանիէլեանին այլ «մոլութիւն»-ը, դոկտ. Քասունի ըսաւ, որ ան թունդ ֆութպոլասէր էր:
Դոկտ. Քասունի խօսեցաւ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի» Դ. հատորին մէջ Դանիէլեանին կատարած` լիբանանահայ մամուլին մասին 50 էջնոց ընդարձակ ուսումնասիրութեան մասին, նշելով, որ այդ մէկը անոր առաջին լուրջ ուսումնասիրութեան յօդուածը ըլլալու էր, որմէ ետք ան բազմաթիւ այլ գործերով պիտի հիմնէր իր համբաւը: Վկայակոչելով Ժիրայր Դանիէլեան խմբագիրը` դոկտ. Քասունին ըսաւ, որ ան հսկայ աշխատանք տարած է Հայկազեանի Հայագիտական Հանդէս»-ին ծանօթագրութիւններու եւ մէջբերումներու վերանայման ու խմբագրական աշխատանքին մէջ, «Երիտասարդ Հայ» ու «Շիրակ» պարբերաթերթերուն եւ վերջապէս` «Կամար»-ին խմբագրութեամբ:
Ձեռնարկին երրորդ բանախօսն էր Կարօ Յովհաննէսեան: Ան ըսաւ, որ սիրելիի մը մահը պարապութիւն կը ստեղծէ սիրեցեալներուն մօտ, եւ այդպէս ալ պարապութիւն մը ձգեց Դանիէլեանի մահը, մանաւանդ որ ան մնայուն շարժումի մէջ էր օրուան ընթացքին` խմբագրական, հրատարակութեան պատրաստութեան, ուսուցչական, ուսումնասիրական, բանասիրական եւ իր այլ աշխատանքներով:
Բանախօսը յայտնեց, որ Դանիէլեան յանձնառու մտաւորական էր ան եւ ունէր իր անկախ գաղափարական աշխարհայեացքը` հիմնուած ազգի, հայրենիքի եւ մարդկայնութեան հասկացողութեան վրայ: Կ՛ատէր միջակութիւնները եւ օժտուած էր մտաւորականի բարձր արժէքներով:
Յովհաննէսեան շարունակեց, որ Ժիրայր Դանիէլեան պարբերականներ ու գիրքեր խմբագրեց եւ աւելի քան հինգ տասնամեակներ հրատարակութիւններ կատարեց: Տարիներու սահումին հետ զարմանալի յամառութեամբ մը բազմապատկուեցաւ իր եռանդը, որ սակայն, ցաւ ի սիրտ, կանգ առաւ 4 օգոստոսի չարաղէտ պայթումին պատճառով: Յովհաննէսեան ընդգծեց, որ Ժիրայր Դանիէլեան իր հոգին աւանդեց 25 նոյեմբեր 2022-ին, բայց մէկն էր Պէյրութի պայթումի նահատակներէն, որովհետեւ ոչինչ կրցաւ արտադրել այդ աղէտալի թուականէն ետք` բացի քանի մը յիշատակներու գրառումէն:
Կարօ Յովհաննէսեան եզրափակեց, որ Ժիրայրներու անդարձ մեկնումը անհրապոյր կը դարձնէ մեր կեանքը, մանաւանդ որ մեր մտաւորական ընտրանիի ընտիրներէն մէկն էր ան ու տակաւին տալիք ունէր, յատկապէս` մատենագիտական բանասիրական մարզին մէջ: Իր մահով հարցը կը դրուի մտաւորական պատրաստելու յոյժ կենսական կարեւորութեան վրայ, որովհետեւ մեր լաւագոյն տարրերը մէկը միւսին ետեւէն անդարձ կը մեկնին, ու մեր մտաւորական դրամագլուխը հետզհետէ կը պարպուի, ըսաւ ան ու մաղթեց, որ Ժիրայրներու տերեւաթափին յաջորդէ նոր Ժիրայրներու գարունը:
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Արամ Ա. կաթողիկոս, որ վկայակոչելով Ժիրայր Դանիէլեանին հետ իր մտերմութիւնը` ըսաւ, թէ զայն ճանչցած է տարբեր ժամանակներու, տարբեր հանգամանքներով եւ տարբեր շրջագիծերէ ներս: Ան նշեց, որ առաջին անգամ Դանիէլեանին հանդիպած է 1971-ին, հայրապետին` Հայկազեան համալսարան գրաբարի դասաւանդութեան օրերուն, երբ Ժ. Դանիէլեան պատասխանատուն էր Հայկազեանի հայագիտական գրադարանին ու իր փոքր գրասենեակին մէջ ընդունելով այն ժամանակ Արամ աբեղան` օգտակար կը հանդիսանար երիտասարդ ուսումնասէրին:
Հայրապետը նշեց, որ Ժիրայր Դանիէլեանը ճանչցած էր նաեւ Լիբանանի թեմի իր առաջնորդութեան օրերուն, երբ ան` իբրեւ տնօրէն, դրական մասնակցութիւն կը բերէր կրթական ծրագիրներուն եւ կրթական մշակներու հետ ժողովներուն: Եւ վերջապէս, հայրապետը ճանչցած էր զայն կաթողիկոսարանէն ներս` որպէս դպրեվանքի ուսուցիչ, կաթողիկոսարանի արեւմտահայերէնի պաշտպան աշխատանքներու ներգործող, Հայագիտական կեդրոնի պատասխանատու, հրատարակչական աշխատաքներու մասնակցող, յատկանշականօրէն մատենագիտութեան աշխատանքի եւ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ յուշամատեաններու շարքերուն:
Վեհափառը իր խօսքը աւարտեց` ըսելով, որ Ժ. Դանիէլեան բանասէր էր բառին ամբողջական առումով, որ նաեւ, իբրեւ տնօրէն եւ ուսուցիչ, սերունդներ պատրաստեց ու իր կարեւոր ներդրումը ունեցաւ Լիբանանի հայութեան մշակութային կեանքէն ներս: Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, որ Մուշեղ Իշխան իր գիրքերուն մասին բանաստեղծութիւն մը գրած է, ուր կ՛ըսէ` «Սիրելի գիրքեր, ես պիտի երթամ, դուք պիտի մնաք»:
«Ժիրայրը գնաց, սակայն իր գրած, պահած, հաւաքած, պաշտպանած, սիրած ու սիրահարուած գիրքերը պիտի մնան, եւ այդ գիրքերով Ժիրայրը պիտի մնայ: Յարգա՛նք իր յիշատակին: Թող Աստուած երկնային օթեւաններուն մէջ ընդունի սիրելի Ժիրայրի հոգին», եզրափակեց իր խօսքը: