Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան ուրբաթ, 3 մարտ 2023-ի առաւօտեան, քաղաքապետարանին մէջ ընդունեց Միջերկրականեան երկիրներու եւ քաղաքներու գործակալութեան` «ԱՎԻԹԵՄ»-ի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին գործակալութեան ռազմավարութեան տնօրէն Մարի Պատուիլ, խորհրդական փրոֆ. Ամին Պըն Իսա եւ ծրագիրներու տնօրէն Մարիան Մարթին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան «Պուրճ Համուտ 2021-2031» քաղաքային վերանորոգումի ծրագիրի գործադրութեան երկրորդ փուլին արձանագրած զարգացումը:
Հանդիպումին ընթացքին ներկայացուեցան գործակալութեան կատարելիք աշխատանքին փուլերը, որպէսզի կարելի ըլլայ պաշտօնական մարմիններն ու շրջանի հասարակութիւնը իրազեկել այդ մասին, նախքան ծրագիրներու գործադրութեան փուլին սկսիլը:
«Պուրճ Համուտ 2021-2031» քաղաքային վերանորոգումի ծրագիրը կը միտի նորոգել քաղաքը, ինչպէս նաեւ բարելաւել վերականգնող ուժանիւթը, աղբահանումն ու ջուրի մարզը:
«ԱՎԻԹԵՄ»-ի Պատուիրակութիւնը Քննարկեց Լիբանանեան Համալսարանի Ուսանողներուն Պատրաստած Ուսումնասիրութիւնները
Նոյն օրուան յետմիջօրէին Մարաշի հայրենակցական միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը «ԱՎԻԹԵՄ»-ի պատուիրակութեան եւ Լիբանանեան համալսարանի ճարտարապետական բաժանմունքի հինգերորդ տարուան ուսանողներուն հետ:
Հանդիպումին ընթացքին ճարտարապետական բաժանմունքի նախագահ Քրիսթիան Սֆէյր-Սաատ ներկայացուց ուսանողները, որոնք պատրաստեցին ակադեմական իրենց ուսումնասիրութիւնները:
Այս առիթով Մարի Պատուիլ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ուսանողներուն` անոնց թափած ջանքերուն համար:
Պատուիլ անդրադարձաւ նաեւ ուսանողներուն հետ իրենց գործակցութեան նպատակներուն:
Ապա ներկայացուեցան եւ քննարկուեցան ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքները, եզրակացութիւնները, յանձնառութիւններն ու առաջարկները:
Քննարկումներուն ընթացքին նշուեցան առաջարկներ, որոնք հիմնական երեք առանցքներու մնայուն լուծումներ ապահովեցին: Այդ առանցքներն են` բնութեան վերադարձը, վերականգնող ուժանիւթն ու աղբահանումը:



