Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտէի մասնաճիւղի վարչութեան, ՀՄԸՄ-ի Ճիւնիի մասնաճիւղի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ երկօրեայ դաստիարակչական սեմինար, շաբաթ, 4 եւ կիրակի, 5 մարտ 2023-ին:
Բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ Երուանդ Յովհաննէսեան, որ յոյս յայտնեց, թէ սեմինարը արդիւնաւէտ ըլլայ, ծառայէ իր նպատակին եւ բարի աշխատանք մաղթեց մասնակիցներուն:
Դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան, որ ներկայացուց միութեան կեանքին մէջ, յատկապէս մասնաճիւղային մակարդակի վրայ` սկաուտական խորհուրդ եւ վարչութիւն կապ: Ան շեշտը դրաւ այս յարաբերութեան առողջ եւ շինիչ ըլլալուն վրայ, որովհետեւ այդ մէկը մեծապէս պիտի նպաստէ աշխատանքներու հեզասահ եւ արդիւնաւէտ ընթացքին:
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Յակոբ Չպլաքեան խօսեցաւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական Ներքին Ծրագիր-կանոնագիրին, անոր դրոյթներուն մասին: Ան շեշտը դրաւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարքերուն, մասնաճիւղի խմբապետին, միաւորի խմբապետական կազմին պարտաւորութեան եւ դերակատարութեան վրայ:
Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական խորհուրդի անդամ Ռիթա Գրիգորեան մասնակիցներուն բացատրեց, թէ ինչպէս պէտք է վերաբերիլ դժուար կացութիւններու մէջ գտնուելու պարագային` տալով համապատասխան ցուցումներ:
Շրջանային մոկլի ճիւղի խմբապետ Թալին Փափիրեան մանրամասն կերպով անդրադարձաւ միաւորի խմբապետ եւ խմբապետուհի, սկաուտական խորհուրդ եւ միաւորի խմբապետական կազմ յարաբերութեան, համապատասխան հանգամանքները յարգելու կարեւորութեան:
Սեմինարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ժտէյտէի մասնաճիւղի վարչութիւնը, Սկաուտական խորհուրդը եւ մասնաճիւղի խմբապետական կազմը:
Երեկոյեան տեղի ունեցաւ կլոր սեղան, որուն ընթացքին արծարծուեցան մասնաճիւղին դիմագրաւած դժուարութիւններն ու խօսուեցաւ զանոնք շրջանցելու կարելիութիւններուն մասին:
Սեմինարը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով:


