Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հետեւեալ գրառումով շնորհաւորեց Կիներու միջազգային օրը. «Կինը հասարակութեան ռահվիրան է, իմաստուն, արդար, արտադրող, համակարգող, շինիչ, սիրով լեցուն եւ դիմադրող: Ան էր եւ կը մնայ ներկայութիւնն ու դերակատարութիւնը: Անոր միջազգային օրուան առիթով ամենայն յարգանք եւ արժեւորում անոր արժանիքներուն»: