Գաղութային

Քուէյթի Եւ Շրջակայից Թեմի Պատուիրակութիւնը ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Մօտ

Քուէյթի Եւ Շրջակայից Թեմի Պատուիրակութիւնը ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Մօտ

Չորեքշաբթի, 22 Մարտ 2023-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Քույէթի եւ շրջակայից թեմի Ազգային Իշխանութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերպ. Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեանի։ Այցելութեան հիմնական նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրել հովուապետական այցելութիւն տալու Քուէյթի եւ շրջակայից թեմին, 9-13 Մայիս 2023-ին: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու ընդհանրապէս Քուէյթին եւ յատկապէս թեմին ու շրջակայ երկիրներու մեր համայնքային կեանքին...

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Մարոնի  Եկեղեցւոյ Պետին Ներկայացուցիչը

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Մարոնի Եկեղեցւոյ Պետին Ներկայացուցիչը

Երեքշաբթի, 21 մարտ 2023-ի երեկոյեան, մարոնի եկեղեցւոյ պետ Ռայի պատրիարքին անձնական ներկայացուցիչը` Փոլ Սայյահ արքեպիսկոպոսը այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Հանդիպման նպատակն էր յանուն պատրիարքին խորհրդակցիլ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հետ աղերս ունեցող աշխատանքներուն մասին: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը Սայյահ արքեպիսկոպոսին յայտնեց իր տեսակէտները` շեշտելով կարելի փութով նախագահ ընտրելու հրամայականը, որ ընդունելի ըլլայ Լիբանանի քրիստոնեայ ու իսլամ համայնքներուն կողմէ: Այս...

Արցախի Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առիթով.   ՀՅԴ ԶՈՄ եւ ԼԵՄ Բողոքագիրներ Յանձնեցին  Լիբանանի Մէջ Օտար Դիւանագիտական  Ներկայացուցչութիւններու

Արցախի Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առիթով. ՀՅԴ ԶՈՄ եւ ԼԵՄ Բողոքագիրներ Յանձնեցին Լիբանանի Մէջ Օտար Դիւանագիտական Ներկայացուցչութիւններու

Արցախի շրջափակման 100-րդ օրուան առիթով, ՀՅԴ աշխարհասփիւռ երիտասարդական եւ ուսանողական կառոյցներուն կազմակերպած ցոյցերու եւ բողոքի արտայայտութեան շրջագիծին մէջ, երէկ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան (ԶՈՄ) եւ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան (ԼԵՄ) անդամներ այցելեցին Լիբանանի մէջ գտնուող օտար երկիրներու 6 դեսպանատուներ, որոնք են` Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Ռուսիա, Գերմանիա, Նետերլանտներ եւ Զուիցերիա, ինչպէս նաեւ` Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ...

Դէպի Արցախի Հանրապետութեան Միջազգային Ճանաչում` Այլ Ընտրանք Չկայ

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Արցախի Շրջափակումը Դէմ Է Մարդկային Արժանապատուութեան Ու Միջազգային Օրէնքին»

Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան շրջափակման 100-րդ օրը թեւակոխուեցաւ: Այս առիթով Արամ Ա. կաթողիկոս նախանցեալ օր ուղղեց հետեւեալ պատգամը. Այսօր հարիւրերորդ օրն է Ազրպէյճանի կողմէ կատարուած Արցախի շրջափակումին: Չենք կրնար լուռ մնալ միջազգային համայնքին եւ մեր մօտ թէ հեռու բարեկամներու անտարբերութեան դիմաց: Փաստօրէն ցեղասպանութեան համազօր անմարդկային արարք մըն է ազերիներու կողմէ 180.000 բնակչութիւն հաշուող Արցախի դէմ կատարուած շրջափակումը: Չի՛ բաւեր միայն...

Արցախի Շրջափակման  100-րդ Օրուան Առիթով.  Դաշնակցական Պատանիներու  Զօրակցական Ջահերթ

Արցախի Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առիթով. Դաշնակցական Պատանիներու Զօրակցական Ջահերթ

Արցախի շրջափակման 100-րդ օրուան առիթով, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին եւ մասնակցութեամբ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն, երեքշաբթի, 21 մարտ 2023-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնէն ընթացք առաւ զօրակցական ջահերթ: Աւելի քան 100 պատանիներ ազգային-յեղափոխական երգերու ընկերակցութեամբ, կանչերով, ջահերով եւ Արցախի մեծ դրօշով շրջեցան Պուրճ Համուտի թաղամասերուն մէջ: 100-ամեայ պատանեկան միութիւններու ներկայութիւնը ոգեւորեց շրջանի բնակիչները, որոնք խանդավառութեամբ դիմաւորեցին եւ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպեցաւ  Կիպրոսի Նորընտիր Նախագահին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպեցաւ Կիպրոսի Նորընտիր Նախագահին

Երէկ` երկուշաբթի, 20 մարտ 2023-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիպում ունեցաւ Կիպրոսի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Նիքոս Քրիսթոտուլիտեսի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հետեւեալ նիւթերը.- ա) Կիպրոսի հայ համայնք, բ) Արցախի շրջափակում, գ) Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներ, դ) Լիբանանի նախագահական ընտրութիւն եւ ե) Կիպրոսի դերը Միջին Արեւելքի մէջ: Վերոնշեալ հարցերուն շուրջ տեսակէտներու լայն փոխանակում տեղի ունեցաւ վեհափառ հայրապետին եւ...

Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ  Անուանակոչութիւն

Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Անցնող շաբաթավերջին նշուեցաւ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Արդարեւ, շաբաթ, 18 մարտին, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ թաղականութեան, տեղի ունեցաւ ժողովրդային տօնախմբութիւն: Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ զետեղուած էին կրպակներ, ուր ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղը, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանը, ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղը, «Ռոստոմ» պատանեկան միութիւնը կը վաճառէին ուտելիքներ: Կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին ելոյթ ունեցաւ «Փոքրերու աշխարհ» մանկապատանեկան խումբը, իսկ ժամը 6:00-էն սկսեալ...

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի Տարին

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն. Հովանաւորութեամբ Հայկական Երեսփոխանական Գրասենեակին Բժշկական Անվճար Օժանդակութիւն` Ֆրեզնոյի Հայ Բժշկական Առաքելութեան Կողմէ

Սիրելի՛ հայորդիներ, Յառաջիկայ երկուշաբթի, երեքշաբթի, չորեքշաբթի, ուրբաթ  27, 28, 29, 31 մարտ եւ շաբաթ 1 ապրիլ 2023-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ Ֆրեզնոյի հայ բժշկական առաքելութեան բժիշկները, գլխաւորութեամբ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ առաքելութեան նախագահ Պերճ Աբգարեանի, յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, բժշկական անվճար ծառայութիւն պիտի մատուցեն լիբանանահայ գաղութին: Այս տարի եւս տարբեր մասնագիտութեանց բժիշկներ, ինչպէս` ներքին հիւանդութիւններու,...

Համազգայինի 95-Ամեակի Ծիրին Մէջ Միջազգային Դաշնակահար Եւ Յօրինող Սէրուժ Գրաճեանի Տպաւորիչ Համերգ

Համազգայինի 95-Ամեակի Ծիրին Մէջ Միջազգային Դաշնակահար Եւ Յօրինող Սէրուժ Գրաճեանի Տպաւորիչ Համերգ

Անցնող շաբաթավերջին լիբանանահայ մշակութասէր հանրութիւնը ներկայ գտնուեցաւ լիբանանահայ մշակութային կեանքին մէջ արձանագրուած աննախընթաց երեկոյի մը եւ ապրեցաւ անմոռանալի պահեր: Արդարեւ, հրաւէրով Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, շաբաթ, 18 մարտին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Քասլիքի Սուրբ հոգի համալսարանի սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ նախկին լիբանանահայ, Քանատայէն, միջազգային դաշնակահար եւ յօրինող Սէրուժ Գրաճեան` ընկերակցութեամբ իր նուագախումբին, որուն մաս կը կազմէին հայրենի տաղանդաւոր արուեստագէտներ Արամ Ասատրեան`...

Լիբանանահայ Վարժարաններու Աշակերտներու Եւ Միութիւններու Ներկայացուցիչները Հաւաքաբար Քննեցին Հայ Պատանիներու Ակնկալութիւններն Ու Պարտաւորութիւնները

Լիբանանահայ Վարժարաններու Աշակերտներու Եւ Միութիւններու Ներկայացուցիչները Հաւաքաբար Քննեցին Հայ Պատանիներու Ակնկալութիւններն Ու Պարտաւորութիւնները

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակին Առիթով ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու 100-ամեակին առիթով, շաբաթ, 18 մարտ 2023-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին, տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու միջնակարգ դասարաններու աշակերտներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու միօրեայ սեմինար, որուն նիւթն էր «Այսօրուան պայմաններուն մէջ հայ պատանիները ի՞նչ ակնկալութիւններ եւ պարտաւորութիւններ ունին»: Սեմինարին բարի գալուստի խօսքը ՀՅԴ Լիբանանի պատանիներուն...

Համազգայինի 95-Ամեակ.  Սէրուժ Գրաճեան Հմայեց Լիբանանահայութիւնը

Համազգայինի 95-Ամեակ. Սէրուժ Գրաճեան Հմայեց Լիբանանահայութիւնը

Շաբաթ, 18 մարտը, յիշատակելի եւ անմոռանալի թուական մը պիտի մնայ լիբանանահայ մշակութային կեանքի պատմութեան մէջ: Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, նախկին լիբանանահայ եւ ներկայիս քանատահայ միջազգային դաշնակահար եւ յօրինող Սէրուժ Գրաճեան` ընկերակցութեամբ հայրենի արուեստագէտներ Արամ Ասատրեանի, Եւա Գէորգեանի եւ Արամ Գալստեանի, բարձրորակ կատարումով հմայեց Քասլիքի Սուրբ Հոգի համալսարանի սրահը լեցուցած խուռներամ բազմութիւնը: Լիբանանահայ հանդիսատեսը ձեռնարկի ընթացքին իր ցուցաբերած խանդավառութեամբ եւ...

Համազգայինի Լիբանանի Ընտանիքը Արժանավայել Հանդիսութեամբ Նշեց Միութեան Հիմնադրութեան 95-Ամեակը

Համազգայինի Լիբանանի Ընտանիքը Արժանավայել Հանդիսութեամբ Նշեց Միութեան Հիմնադրութեան 95-Ամեակը

Ուրբաթ, 17 մարտ 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 95-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ յարանուանութիւններու եւ կուսակցութիւններու, երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներու, կրթական եւ բարեսիրական հաստատութիւններու տնօրէններու, երեսփոխաններու, քաղաքապետերու, նախկին նախարարի, արուեստագէտներու եւ մտաւորականներու, համազգայնականներու եւ հոծ բազմութեան մը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ  Յունաստանի Վարչապետին Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Յունաստանի Վարչապետին Հետ

Հինգշաբթի, 16 մարտ 2023-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս շուրջ մէկ ժամ հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հետ: Հինէն ծանօթ ըլլալով վարչապետին, հանդիպումը տեղի ունեցաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ: Հանդիպման սկիզբը ներկայ էր Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ապա զրոյցը շարունակուեցաւ առանձին` վեհափառ հայրապետին եւ վարչապետին միջեւ: Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ չորս մարզերու.- ա) Յունաստանի հայ գաղութ, բ) Լիբանանի այժմու...

Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան 95-Ամեակի Յոբելենական Հանդիսութիւն

Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան 95-Ամեակի Յոբելենական Հանդիսութիւն

Ուրբաթ, 17 մարտ 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 95-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւնը: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամ Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան: Օրուան բանախօսն էր Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան «Գուսան» երգչախումբը, «Եռեակ»-ը, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը, ժողովրդական գործիքները` տհոլ...

Ընկերային Ցանցերը, Կեղծ Լուրերը  Եւ Ապատեղեկատուութիւնը Բացայայտելու  Ձեւերն Ու Միջոցները Եղան Ապագայ  Լրագրողներուն Երէկուան Հանդիպումին Նիւթերը

Ընկերային Ցանցերը, Կեղծ Լուրերը Եւ Ապատեղեկատուութիւնը Բացայայտելու Ձեւերն Ու Միջոցները Եղան Ապագայ Լրագրողներուն Երէկուան Հանդիպումին Նիւթերը

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Երրորդ Փուլ Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակիցները երէկուան իրենց հանդիպումին ընթացքին ծանօթացան ընկերային ցանցերու գործածութեան համեմատութիւններուն, ինչպէս նաեւ կեղծ լուրերը եւ ապատեղեկատուութիւնը բացայայտելու ձեւերուն ու միջոցներուն: Այս բոլորին մասին ներկայացում մը պատրաստեց եւ բաւական յստակ ու մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ Բրիտանիոյ դեսպանատան պաշտօնեաներէն Հրակ Աւետանեան: «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի...

Ճափոնցի Հայագէտ Դոկտ. Թաքայուքի  Եոշիմուրա Այցելեց «Ազդակ»

Ճափոնցի Հայագէտ Դոկտ. Թաքայուքի Եոշիմուրա Այցելեց «Ազդակ»

Ճափոնցի յայտնի հայագէտ, Թոքիոյի համալսարանին մէջ արեւելահայերէնի դասախօս դոկտ. Թաքայուքի Եոշիմուրա այցելեց «Ազդակ», ուր հանդիպում մը ունեցաւ խմբագրութեան հետ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան դոկտ. Եոշիմուրայի նոր ծրագիրները հայագիտութեան բնագաւառին մէջ: Թաքայուքի Եոշիմուրա նախապէս բազմիցս այցելած է «Ազդակ» եւ անգամ մըն ալ «Հայագիտութիւնը Ճափոնի մէջ» նիւթով դասախօսութիւն տուած է «Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ: Ան հեղինակ է հայերէն-ճափոներէն պզտիկ բառարանի...

ՀՅԴ «Աղբալեան» Կոմիտէին Կազմակեպութեամբ.  Ազգագրական Երգերու Երեկոյ

ՀՅԴ «Աղբալեան» Կոմիտէին Կազմակեպութեամբ. Ազգագրական Երգերու Երեկոյ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէին, կիրակի, 12 մարտ 2023-ի երեկոյեան Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ազգագրական երգերու երեկոյ` մասնակցութեամբ լիբանանահայ երիտասարդ արուեստագէտներ` Գէորգ Քէշիշեանի (փողային գործիքներ), Մարիա Քէշիշեանի (քանոն), Արէն Տօնէրեանի (դաշնամուր), Նարեկ Քէշիշեանի (հարուածային գործիքներ), Ալին Շալվարճեանի (ուտ եւ սոփրանօ), Կարէն Գազանճ?եանի (թենոր), Կասիա Շատարեւեանի (ալթօ) եւ Կարէն Քէլէշեանի (թենոր): Ձեռնարկին ներկայ էին...

«Ապրեցէք Հայօրէն, Ժառանգեցէք Ձեր Զաւակներուն Հայ Ծնած Ըլլալու Հպարտութիւնը, Որպէսզի Ապրի Հայը Եւ Իրականանայ Հայուն Երազը», Սեդա Խտըշեան

«Ապրեցէք Հայօրէն, Ժառանգեցէք Ձեր Զաւակներուն Հայ Ծնած Ըլլալու Հպարտութիւնը, Որպէսզի Ապրի Հայը Եւ Իրականանայ Հայուն Երազը», Սեդա Խտըշեան

Կիներու Միջազգային Օրուան Նշում ԼՕԽ-ի Մէջ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը արժանավայել յարգանքով տօնեց Կիներու միջազգային օրը եւ այս տարի եւս, մարտի 8-ին կազմակերպեց մեծարանքի ձեռնարկ` պանծացնելով Կիներու միջազգային օրը: Ձեռնարկը սկսաւ ՀՕՄ-ի քայլերգով: Դաստիարակչական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Ազնիւ Միքայէլեան, որ նախ ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել յիշատակը Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ տարածքին երկրաշարժի պատճառով զոհուած հայորդիներուն: Ապա...

Լուրեր` Թրիփոլիի Հայութեան Առօրեայէն

Լուրեր` Թրիփոլիի Հայութեան Առօրեայէն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի նախորդ օրերուն այցելեց Թրիփոլի, ուր ՀՅԴ ակումբին մէջ հանդիպում ունեցաւ «Բերդավայր» կոմիտէութեան անդամներուն հետ: Ապա Յ. Բագրատունի այցելութիւն տուաւ շրջանին մէջ բնակող տարեց հայ ուսուցչուհիներուն, որոնք երկար տարիներ դասաւանդած են ազգային վարժարաններուն մէջ, նաեւ այցելեց ԼՕԽ-ական ընկերուհիի մը, որ ծառայած է միութեան եւ ներդրումը ունեցած Թրիփոլիի հայութեան զօրակցելու աշխատանքներուն: Ան բարձր գնահատեց...

Կաթողիկոս-Պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Ընդունեց Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմինը Եւ Խումբ Մը Պատանիներ

Կաթողիկոս-Պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Ընդունեց Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմինը Եւ Խումբ Մը Պատանիներ

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակին Առիթով ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու 100-ամեակին առիթով, շաբաթ, 11 մարտ 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան պատրիարքարանին մէջ ընդունեց ՀՅԴ «Ռոստոմ», «Նաւասարդեան» եւ «Քրիստափոր» պատանեկան միութիւններու անդամները` ընկերակցութեամբ վարիչներուն, Ընդհանուր վարիչ մարմինին եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արամ Սոմունճեանին: Հանդիպումի սկզբնաւորութեան խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան...

Page 92 of 365 1 … 91 92 93 … 365

Արխիւներ