«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Երրորդ Փուլ.
Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակիցները երէկ իրազեկուեցան արխիւներու, զանոնք լուսանկարելու, թուայնացնելու, ապա ուսումնասիրութիւն մը կատարելու համար որոնողական բաժինը օգտագործելու մասին:
«Ազդակ»-ի 96 տարուան արխիւը, բացառիկները, շատ մը ուրիշ օրաթերթեր, գիրքեր եւ լուսանկարներ նկարած եւ թուայնացուցած պատասխանատու Թալին Գալայճեան Ապագայ լրագրողներուն ներկայացուց այս նիւթը իր ընդհանրութեան, մանրամասնութիւններուն եւ իւրայատկութեան մէջ:
Ապագայ լրագրողները իրենց երէկուան հանդիպումին ընթացքին իմացան արխիւը պահելու կարեւորութեան մասին, անթերի կերպով, կատարեալ զգուշութեամբ, արխիւը բաղկացնող իւրաքանչիւր կտոր իր յատկանիշներով պահելու անհրաժեշտութեան, եւ մանաւանդ օրաթերթերն ու գիրքերը իբրեւ արխիւ պահելու պայմաններուն եւ չափանիշերուն մասին:
Արխիւը թուայնացնելու եւ անոր որոնողական ըլլալու առաւելութիւն շնորհելու արհեստագիտութեան ընդհանուր բացատրութենէն ետք, Ապագայ լրագրողները ուղղուեցան «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոն` ծանօթանալու համար այդ աշխատանքի մանրամասնութիւններուն եւ տարբեր փուլերուն, ինչպէս նաեւ փորձելու այդ աշխատանքը եւ ուսումնասիրութիւն մը կատարելու նախաքայլը:
Թ. Գալայճեան Ապագայ լրագրողներուն ցոյց տուաւ «Ազդակ»-ի տասնամեայ արխիւէն (1937) օրինակ մը, ապա ան տեղւոյն վրայ բացատրեց արխիւը թուայնացնելու դրութիւնը` անդրադառնալով սթիւտիոյի սարքաւորման, լուսանկարելու ձեւերուն եւ թուայնացումի թեքնիքին:
Ապագայ լրագրողները ուղղակի ականատես եղան եւ փորձարկեցին տրուած բացատրութիւնները:
Արխիւներու, թուայնացումի եւ որոնողական աշխատանքի ընդհանուր թեմայով կլանուած Ապագայ լրագրողները հարցումներու տարափով մը օժտեցին Թ. Գալայճեանը` քաղելով շարք մը յաւելեալ տեղեկութիւններ:
Նկատի ունենալով, որ վաղը կը զուգադիպի «Ազդակ»-ի հիմնադրութեան 96-րդ տարեդարձին, Ապագայ լրագրողները շնորհաւորեցին «Ազդակ»-ը եւ փոխանցեցին իրենց բարեմաղթութիւնները:


