Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Կիներու Միջազգային Օրուան Նշում

March 14, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 8 մարտ 2023-ին, Կիներու միջազգային օրուան առիթով, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տիկնանց յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, ճաշկերոյթ  մը տեղի ունեցաւ  Քասլիքի «Միւրէյ» ճաշարանին մէջ: Ճաշկերոյթին կը նախագահէր քոլեճի բարերարներէն տիկին Օսի Քէսմէեան: Ներկայ էին ծնողք տիկիններ, նախկին ծնողք տիկիններ, շրջանաւարտ տիկիններ եւ վարժարանին մօտիկ բարեկամուհիներ:

Ընկերային ուրախ եւ հաճելի մթնոլորտի մէջ ձեռնարկին բացումը կատարեց տիկնանց յանձնախումբի ատենապետուհի Միրնա Կապոնեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց, որ ընդառաջեցին  իրենց հրաւէրին: Ան դիտել տուաւ, որ թէեւ հաւաքին գլխաւոր նպատակը միասնաբար ուրախ եւ հաճելի պահեր անցընել է անցնող երեք տարուան պարտադիր դադարէն ետք, բայց եւ այնպէս նաեւ հասնիլ է վարժարանի նիւթական կարիքներուն: Ան աւելցուց, որ հայ ժողովուրդը` իբրեւ ազգ, միշտ ալ գիտակցած է հայ վարժարանի առաքելութեան կարեւորութեան: Կապոնեան անդրադարձաւ նաեւ ձեռնարկի թուականին, որ կը զուգադիպի Կիներու միջազգային օրուան: Ան հակիրճ պատմականով մը ներկայացուց հայ կնոջ դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ, ապա շնորհաւորեց ձեռնարկին ներկայ բոլոր տիկիններուն տօնը:

Տիկնանց յանձնախումբը առիթը յարմար նկատած էր պարգեւատրելու վարժարանի բարերարներէն Օսի Քէսմէեանը` յուշանուէր մը յանձնելով անոր: Քէսմէեան շնորհակալութիւն յայտնեց ու իր սրտի խօսքը արտասանեց ներկաներուն եւ ըսաւ, որ տարիներ առաջ, երբ իր անդրանիկ դուստրը առաջնորդեց Ե. Մանուկեան քոլեճ, չէր կարծեր, որ անիկա պիտի դառնայ իր ընտանիքին երկրորդ տունը: Ան դիտել տուաւ, որ շնորհիւ այս վարժարանին մէջ ստացած իրենց ուսումին եւ դաստիարակութեան, իր զաւակները արդէն հասած են համալսարանի դռները: Օսի Քէսմէեան իր խօսքը եզրակացուց շեշտը դնելով բարեգործութեան եւ նուիրելու կարեւորութեան վրայ, խոստանալով միշտ զօրավիգ կանգնիլ այս վարժարանին:

Քոլեճի շրջանաւարտ Լիզա Մկրտիչեան-Մանտալեան յղեց օրուան պատգամը: Ան ներկայացուց իր անձնական օրինակը` իբրեւ կին մը, որ կեանքի մէջ ունեցած է յաջողութիւններ եւ ձախողութիւններ, ուրախ ու տխուր պահեր, կազմած է ընտանիք եւ ունեցած է ամուսին մը, որ հաւատացած է կիներու կարողութիւններուն եւ զինք մղած` իրականացնելու իր երազները: Մանտալեան ունեցած է նաեւ սիրելիներու կորուստներ… Սակայն ան չէ ընկրկած, ոտքի կանգնած է եւ իրագործած իր երազները: Մանտալեան կոչ ուղղեց բոլոր կիներուն` պայքարելու իրենց երազներուն համար եւ հաւատալու իրենց կարողութիւններուն: Աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց տիկնանց յանձնախումբին, որ առիթը տուաւ իրեն` իր փորձառութիւնը բաժնեկցելու ներկաներուն հետ:

Ձեռնարկի աւարտին վարժարանի վարչական տնօրէն Սրբուկ Ճենանեան տնօրէնութեան կողմէ շնորհակալութեան գիր- յուշանուէր մը յանձնեց տիկին Քէսմէեանին` «վարժարանին հանդէպ անոր նուիրումին, հաւատարմութեան եւ մեծ սիրոյն համար»: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք ընդառաջած էին հրաւէրին` հակառակ տիրող ճնշիչ ու անկայուն վիճակին: «Այս մէկը ինքնին վառ օրինակ է, որ հայ կիները ի զուր չէ որ «Կենսատու» կոչուած են մեր նախահայրերուն կողմէ, որովհետեւ կեանք կու տաք, հայկական օճախին ու ազգին յենարանը կը դառնաք եւ անով կը սատարէք հայ ժողովուրդի գոյատեւման: Հայ կինը նուիրուածութեան, անձնազոհութեան, սիրոյ, տոկունութեան եւ հայ մշակոյթի արժէքներու պահպանման ու զանոնք սերունդէ սերունդ փոխանցման հիմնական աւիշն է», եզրակացուց Ճենանեան:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ քոլեճի շրջանաւարտ Լոռի Կիւլիւմեան` երգեհոնի ընկերակցութեամբ Հրակ Նագգաշեանի: Իսկ Մանտալեան ընտանիքին կողմէ բոլոր ներկաներուն տրամադրուեցան  Troshik մակնիշը կրող գեղեցկագիտական արտադրութիւններ:

Կիներու միջազգային օրուան առիթով կազմակերպուած այս ձեռնարկը  2350 տոլար եւ 71.300.000 լո հասոյթ ապահովեց Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճին:

 

Նախորդը

Աստղաբանութեան Ապաբնագիտութիւնը

Յաջորդը

Թուրքիոյ Երկրաշարժը

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.