Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

March 2, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պուրճ Համուտի բնակիչներուն ազնիւ ուշադրութեան կը յանձնենք, թէ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հանրօգուտ շինութեանց բաժանմունքը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ կատարելու ճամբու կոյուղիները մաքրելու աշխատանքը` գործիքներով եւ «Ճեթինկ» մեքենաներով:

Այս աշխատանքը կը կատարուի օրական դրութեամբ, ամբողջ շաբթուան ընթացքին, եւ այդ աշխատանքին արդիւնքը քաղեցին շրջանին բնակիչները անցեալ ձմրան ընթացքին:

Կ՛արժէ սակայն հոս յիշել, որ կոյուղիներուն մաքրութեան համար օգտագործուած գործիքներն ու «Ճեթինկ» մեքենաները եւ սարքերը կը խանգարուին ու կը կոտրուին, երբ անոնք կը բախին այնպիսի արգելքներու, որոնք այդ կոյուղիներուն մէջ պէտք չէ գտնուին: Հոս դիտմամբ կը խուսափինք նշելու այդ արգելքներուն մանրամասնութիւնները:

Պուրճ Համուտի բնակչութեան ուշադրութեան կը յանձնենք, որ նորոգութիւններու աշխատանքը սուղ է, իսկ գործիքներու նորոգութիւններուն պատճառով կոյուղիներու մաքրութեան աշխատանքին կասեցումը շրջանին համար անհրաժեշտ նկատուող այս ծառայութեան հաշուոյն պիտի ըլլայ, բոլորին համար այս դժուար պայմաններուն ընթացքին:

Հետեւաբար կոչ կ՛ուղղենք բոլորին գործակցելու քաղաքապետութեան հետ եւ ներդրում ունենալու` բոլորին վնաս հասցնող այս քայլերը կանխարգիլելու: Յորդորենք իրարու` կոյուղիներուն մէջ կարծր ապրանքներ նետելէ խուսափելու, որովհետեւ անոնք կարծր են եւ կամ կոյուղիին մէջ նետուելէ ետք կրնան քարանալ` վնաս հասցնելով թէ՛ կոյուղիներու ցանցին եւ թէ՛ կոյուղիներու մաքրութեան սարքերուն եւ գործիքներուն:

Համոզուած ենք, որ բոլորին գործակցութեամբ կարելի պիտի ըլլայ շրջանցել այս դժուարութիւնները: Կը վստահինք Պուրճ Համուտի բնակիչներուն գիտակցութեան` շրջանին ենթակառոյցը պահպանելու մէջ իրենց ներդրումը ունենալու, ինչպէս նաեւ քաղաքապետարանին ունեցած սահմանափակ պաշարները չմսխելու եւ զանոնք վնասներէ զերծ պահելու իմաստով:

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ
ՄԱՐՏԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Նախորդը

Իրան Ռազմափորձ Կը Կատարէ «Թշնամիի Համար Բաղձալի Շրջանի Մէջ»

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ցաւակցագիր Մը Յղեց Լիբանանի Մէջ Յունաստանի Դեսպանին

RelatedPosts

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան  87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում
Գաղութային

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

September 21, 2026
Հայաստանի Վերանկախութեան Տօնին Առիթով  Հանրապետական Մաղթանք Կատարուեցաւ  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Գաղութային

Հայաստանի Վերանկախութեան Տօնին Առիթով Հանրապետական Մաղթանք Կատարուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

September 21, 2026
Կարպիս Քենտիրճեանի Անհատական Ցուցահանդէսի Բացում
Գաղութային

Կարպիս Քենտիրճեանի Անհատական Ցուցահանդէսի Բացում

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.