Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Հռոմի Մէջ Մասնակցեցաւ
Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին Նուիրուած Գիտաժողովին
Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի օրհնութեամբ, Նարեկ արք. Ալեմեզեանը եւ Պսակ վրդ. Թեփիրճեանը մասնակցեցան 30 նոյեմբերէն 1 դեկտեմբեր 2023-ին, Հռոմի մէջ, Վատիկանի Պապական արեւելագիտութեան հիմնարկին կողմէ կազմակերպուած Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին վախճանման 850-ամեակին առթիւ տեղի ունեցած երկօրեայ միջազգային գիտաժողովին:
Գիտաժողովը լուսարձակի տակ բերաւ` Շնորհալի հայրապետին աստուածաբանութիւնը, շարականները, հովուական խնամքը, երկասիրութիւնները եւ միջեկեղեցական յարաբերութիւնները:
Նարեկ սրբազանը կարդաց Անուշաւան արք. Դանիէլեանի (առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան հայոց թեմի) «Ս. Ներսէս Շնորհալիի աստուածաբանութիւնը եւ միջեկեղեցական գործը» խորագիրը կրող զեկուցումը եւ ապա իր կողմէ ներկայացուց Արամ Ա. կաթողիկոսին գահակալութեան օրերուն Անթիլիասի միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն լայն շրջագիծը:
ՀԵՀՈՄ-ի Վարչութիւնը Այցելեց
Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Շաբաթ, 2 դեկտեմբեր 2023-ի յետմիջօրէին Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ) վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ միութեան հոգեւոր խորհրդատու Զաւէն վրդ. Նաճարեանի: Այցելութեան նպատակն էր նոր տարեշրջանի սկզբնաւորութեան հայրապետը իրազեկ դարձնել միութեան աշխատանքներուն եւ ստանալ անոր հայրապետական օրհնութիւնը:
Իր որդիական երախտագիտական զգացումները յայտնելէ ետք, հայր սուրբը զեկուցեց միութեան 60-ամեակի ծրագիրներուն մասին: Այս առիթով ան նաեւ յայտնեց, որ շարք մը ծրագիրներ կարելի չեղաւ իրականացնել երկրին ու հայրենիքին մէջ ստեղծուած կացութեանց պատճառով. սակայն միութիւնը լիայոյս է, որ յառաջիկայ նոր տարուան ընթացքին զանոնք իրականութիւն պիտի դարձնէ:
Հայր սուրբին խօսքէն ետք իւրաքանչիւր վարչական հակիրճ կերպով անդրադարձաւ 2023-2024 տարեշրջանի ՀԵՀՈՄ-ի ծրագիրներուն:
Ապա վեհափառ հայրապետը իր օրհնութիւնը տուաւ երիտասարդներուն: Ան իր բարձր գնահատանքը յայտնեց հայր սուրբին ու վարչութեան, որոնք հաւատարմութեամբ կ՛իրագործեն միութեան առաքելութիւնը, միաժամանակ շեշտելով, որ ՀԵՀՈՄ-ի գործունէութիւնը, յատկապէս` վերջին տարիներուն, ցոյց կու տայ անոր աշխուժ կեանքը: Արամ Ա. ընդգծեց, որ այսօրուան երիտասարդութիւնը ո՛չ միայն մեր ազգի ապագան է, այլ նաեւ անոր ներկան է: Հետեւաբար պէտք է կեդրոնանալ մեր եկեղեցական ու ազգային արժէքները պահպանելու եւ նոր սերունդներուն փոխանցելու սրբազան գործին վրայ: Այս ոգիով, տեսլականով ու գիտակցութեամբ այսօրուան երիտասարդութիւնը պարտի նայիլ ապագային ու կերտել մեր ապագան:
Իր խօսքի աւարտին հայրապետը յաջողութիւն մաղթեց հայր սուրբին ու վարչութեան անդամներուն` ՀԵՀՈՄ-ի բոլոր ծրագիրներու բարւոք իրագործման համար:
Լիբանանի Հայոց Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարաններէն
Խումբ Մը Աշակերտներ Համախմբուեցան Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին ու Լիբանանի հայոց թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններուն, շաբաթ, 2 դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ:
Աւանդութիւն դարձած է, որ մեր եկեղեցւոյ լուսաւորիչներուն` Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնին առիթով Լիբանանի հայոց թեմի կիրակնօրեայ վարժարանները, իրենց ուսուցչական կազմով ու աշակերտութեամբ, միախմբուին Անթիլիասի մայրավանք` նշելու նաեւ «Կիրակնօրեայի օր»-ը:
Արդարեւ, ս. պատարագը մատուցեց Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեանը, իսկ ս. պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի: Ս. սեղանին սպասարկեցին Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ սարկաւագներն ու դպիրները: Ս. պատարագի աւարտին կիրակնօրեայ վարժարաններու մեծ ընտանիքը, գլխաւորութեամբ պատասխանատու հայր սուրբին եւ. Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեանին ու Ժանին Դանիէլեան-Մարգարեանին, բարձրացաւ վեհարան, ուր մայրավանքի կիրակնօրեայի ուսուցիչ Արին Մարգարեանը բացման խօսքով հանդէս եկաւ: Ապա իւրաքանչիւր շրջանի կիրակնօրեայ վարժարան ներկայացուց կոկիկ յայտագիր մը` սաղմոսասացութեամբ եւ շարականի երգեցողութեամբ:
Հուսկ, Արամ Ա. յայտնեց իր բարձր գնահատանքը եւ իր հայրական օրհնութիւնը բաշխեց մանուկներուն: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց մայրավանքին մէջ խումբ մը փոքրիկներու ներկայութեան գեղեցիկ տեսարանին համար, ուր անոնք ամէն կիրակի կը հաւաքուին եւ Աստուծոյ խօսքը ստանալով` առաւել եւս հոգեւոր սնունդով կը լիցքաւորուին: Ի վերջոյ, մայրավանքի պարտէզին մէջ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու պատասխանատուները եւ խումբ մը փոքրիկներ տնկեցին մշտադալար ծառ մը` որպէս խորհրդանիշ իրենց հաւատքի արմատաւորման:




