Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ Մասնաճիւղի Սկաուտական Պաշտօնական Վերամուտ` Նուիրուած Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 100-Ամեակին

Նոյեմբեր 16, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 12 նոյեմբեր 2023-ի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի 2023-2024 սկաուտական տարեշրջանի պաշտօնական բացումը, որով մեկնարկը տրուեցաւ մասնաճիւղի 100-ամեակին:

Սկաուտներուն մտքի, հոգիի ու մարմնի հաւաքական եւ ժրաջան աշխատանքին արգասիքը հանդիսացող ձեռային գեղեցիկ ու տպաւորիչ աշխատանքը հանդիսաւոր կերպով տեղադրուած էր դաշտին մէջ` 100 թուանշանի տիրական ներկայութեան:

Սկաուտական նոր տարեշրջանի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին առաջնորդած հաստատաքայլ եւ յոյս ներշնչող տողանցքով, որմէ ետք հնչեցին Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ «Ո՛վ հայ արի» քայլերգները, որոնց կշռոյթով կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւն:

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին անունով խօսք առաւ Ռազմիկ Տօնիկեան, որ դիտել տուաւ, թէ ազգապահպանման եւ մեր ազգային իրաւունքներու հետապնդման պայքարին մէջ անփոխարինելի դեր վերապահուած է լիբանանահայութեան, որուն կարգին` ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղին, որ իր ուսերուն կը կրէ սերունդները հայօրէն դաստիարակելու եւ կազմաւորելու պարտականութիւն:

Ան յայտնեց, որ այս տարի ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղը արդէն թեւակոխեց իր 100-րդ տարեդարձը` մէկ դարու կեանք, որ հարուստ էր` բարոյական բարձր արժէքներով, ազգին եւ հայրենիքին նուիրումով, ՀՄԸՄ-ի ուխտին ու դաւանանքին հաւատարմութեամբ,  բաժակներով եւ յաղթանակով, փառքով ու հպարտութեամբ, 100 տարիներ, որոնք դրոշմուեցան` անսակարկ զոհաբերութեամբ, հայկականութեամբ, իրերայաջորդ սերունդներու կազմաւորմամբ, ՀՄԸՄ-ի քայլերգին, նշանաբանին եւ նշանակին նկատմամբ ամբողջական հաւատարմութեամբ:

«Գաղութս անցեալին տուած է փաստը, որ ինք գիտակից է իր առաքելութեան, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղն ալ իր մէկ դարու նուիրումով եւ գործունէութեամբ մաս կը կազմէ այդ առաքելութեան: Առ այդ, այս մասնաճիւղը պէտք է մնայ ուժեղ եւ կազմակերպ` ոչ միայն իր նուիրումը շարունակելու եւ սերունդներուն ծառայելու համար, այլ` համայն սփիւռքին համար, Հայաստանին համար, Արցախին համար, համայն հայութեան գերագոյն շահերուն եւ իտէալներուն համար», ըսաւ Ռազմիկ Տօնիկեան:

Խօսքը դաշտին մէջ կարգապահօրէն շարուած սկաուտներուն ուղղելով` ան նշեց, որ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղը 100 տարիներ շարունակ գործած է եւ այսօր կայ ու կը գործէ, որովհետեւ սկաուտները կանգուն են, շեշտելով, որ միասնաբար, կողք կողքի եւ ուս ուսի պիտի շարունակենք մեր ուխտեալ քոյրերուն եւ եղբայրներուն երթը, որպէսզի նուաճենք նոր տարեդարձներ եւ տօնենք նոր 100-ամեակներ:

Ռ. Տօնիկեան հաստատեց, որ մասնաճիւղը վճռական է շարունակելու մէկ դարու երթը, մնալու փարոսը սփիւռքի եւ հայութեան ու պաշտպանը հայրենիքին, ազգային եւ բարձրագոյն արժէքներուն, որպէսզի փառաւոր ու պատուաբեր դարուն յաջորդած նոր դարու էջերը եւս ըլլան հպարտալի եւ հայութեան կեանքին մէջ դրոշմ ձգող:

Իր խօսքի աւարտին ան երախտագիտութիւն յայտնեց 100 տարի շարունակ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղին համար իրենց կեանքը նուիրած,  մեզի հետ եղող կամ մեզմէ բաժնուած քոյր-եղբայրներուն, մասնաճիւղի ծնողներուն ու բարեկամներուն, որոնք իրենց կողքին են ու կը վստահին իրենց, ողջունեց սկաուտները, որոնք միութեան անունը բարձր կը պահեն:

ՀՄԸՄ-ի  Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Յակոբ Չպլաքեան խորհուրդին եւ Շրջանային խմբապետութեան անունով շնորհաւորեց ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի 100-ամեակը` քաջ գիտակցելով, որ 100-ամեայ աւանդ ունեցող այս մասնաճիւղը պիտի շարունակէ բարձր ու վառ պահել իրեն փոխանցուած ջահը:

Աւարտին Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Խորէն քհնյ. Մելքոնեան աղօթեց, օրհնեց` սկաուտները, խմբապետները, պատասխանատուները, ծնողներն ու ներկաները:

«Յառա՛ջ, նահատակ» քայլերգով վերջ գտաւ պաշտօնական բացումը:

Ապա ՀՄԸՄ-ականները շատ հետաքրքրական եւ խորհրդանշական գեղարուեստական յայտագիրով մը` թատերական կարճ ներկայացումներով, պարով, պատումներով,  լուսարձակի տակ առին ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի յատկանշական թուականները, որոնք փորագրուած են մասնաճիւղի 100 տարիներու պատմութեան էջերուն մէջ: Առաջին թուականը` 1924, մասնաճիւղի հիմնադրութիւնը, երկրորդ` 1943, երբ մասնաճիւղին ֆութպոլի խումբը տիրացաւ Լիբանանի ախոյեանութեան, երրորդ` 1956, երբ Լիբանանի նախագահ Քամիլ Շամուն մասնակցեցաւ Պէյրութի մասնաճիւղի վերամուտի արարողութեան եւ կատարեց բաժակներու յանձնում, չորրորդ` 1994, որ Արցախի ազատագրումով հպարտալի տարի մը դարձաւ, եւ սկաուտները հաստատեցին, որ հակառակ ամէն ինչի` Արցախը յաւերժ պիտի մնայ իրենց սրտերուն մէջ, հինգերորդ` 2015, զոր յիշելով` սկաուտները ներկայացուցին այն յատկանշական, անմոռանալի, կեանքի փորձառութեամբ լեցուն պահերն ու ծրագիրները, զորս իրականացուցած ու ապրած են միասին` իբրեւ մէկ մասնաճիւղ, մէկ ընտանիք, 2123` անյայտ ապագայ` այն յոյսով, որ մասնաճիւղը պիտի շարունակէ գոյութիւն ունենալ եւ շարունակել իր առաքելութիւն, իսկ վերջին փուլը վերադարձ էր դէպի ներկայ` 2023 թուական:

Վերջին բաժինով ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի ամէնէն երէց տարազաւորը` Յասմիկ Տեմիրճեան-Մուրատեան բոցավառ ջահը փոխանցեց նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն, որոնք այդ կրակով վառեցին 100 թիւը, որ սկաուտներուն ձեռային աշխատանքին արգասինքն է, այն հաւատքով, յոյսով ու վճռակամութեամբ, որ մեծ դժուարութեամբ, հսկայական նուիրումով ու զոհողութեամբ կերտուած պատմութիւնը պիտի ունենայ բոցավառ շարունակութիւն:

Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի սկաուտական հաւաքները տեղի կ՛ունենան ամէն շաբաթ օրերը, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-6:30:

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Նիւ Եորքի Քաղաքապետին Քարոզարշաւը Մանրամասն Քննելէ Ետք, Էֆ.Պի.Այ. Խորացած Է Թուրքիոյ Հետ Անոր Կապերուն Մէջ

RelatedPosts

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?