Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լեւոն Շանթ» Կեդրոնին Մէջ Նուիրեալ, Հաւատաւոր Եւ Կարգապահ Անդրանիկ Մսըրլեանին Նուիրուած Յուշ-Երեկոյ

Նոյեմբեր 24, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի մեծ ընտանիքի վերջին տասնամեակներու գործունէութեան մէջ մեծ ներդրում ունեցած հանգուցեալ Անդրանիկ Մսըրլեանին վաստակը գնահատելու եւ օրինակը դաստիարակիչ դարձնելու նպատակով, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երկուշաբթի, 20 նոյեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ա. Մսըրլեանին նուիրուած յուշ-երեկոն` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեանի, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Գաբրիէլ Ծ. վրդ. Մուրատեանի ներկայացուցիչ Տիգրան վրդ. Փիլիպոսեանի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, համայնքներու, միութիւններու ու կառոյցներու ներկայացուցիչներու, հոգեւորականներու, գործընկերներու, համազգայնականներու եւ ընտանեկան պարագաներու:

Հաւաքին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Նանօր Գոչունեան-Թաշճեան, որ նշեց, թէ Անդրանիկ Մսըրլեան մօտէն հետեւած է իր ստանձնած աշխատանքներուն, եղած է արդարամիտ, մերժած է միջամտութիւնները եւ աշխատած է լուռ ու մունջ` առանց բարձրաձայնելու իր նուաճումները, առանց երեւնալու եւ առանց ցուցամոլութեան: Գոչունեան-Թաշճեան հաստատեց, որ Ա. Մսըրլեան հայ մշակոյթի սիրահար էր, միշտ ալ քաջալեր հանդիսացած էր միութեան ծրագիրներուն եւ իր մշտական ներկայութեամբ ու գործակցութեամբ սատար կանգնած` բազմատեսակ աշխատանքներու յաջողութեան:

Ապա Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճէն Սէրլի Նեմշեհիրեան տուտուկով նուագեց Գրիգոր Պահլաւունիի «Ով զարմանալի» ստեղծագործութիւնը: Նուագէն ետք ցուցադրուեցաւ Անդրանիկ Մսըրլեանի մասին վկայութիւններու տեսերիզ մը:

Մեղրի Մսըրլեան դաշնամուրով նուագեց Արամ Խաչատրեանի «Ժողովրդական նմանողութեան» գործը, որմէ ետք օրուան պատգամը յղեց Մկրտիչ Մկրտիչեան: Ան յայտնեց, որ «Արին» շէնքի կառուցման եւ ԱՖՀԻԼ-ի հաստատման աշխատանքներուն մէջ կեդրոնական դեր ունենալէ ետք, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան պաշտօնավարութեան արդէն առաջին քառամեակին Մսըրլեանի ճիգերով Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը լուծեց երկարատեւ «կարմիր թիւերու մէջ լողացող հաշուեկշիռներու խնդիրը եւ քաղաքի Ճեմարանի կալուածի մասնակի վարձակալութեամբ վարչութեան տնտեսական կարողականութիւնը ո՛չ միայն միութեան գործունէութեան համար բաւարար դարձաւ, այլ ճամբան բացաւ նոր ծրագիրներու յղացման եւ գործադրութեան»:

Մկրտիչ Մկրտիչեան նշեց, որ Անդրանիկ Մսըրլեանը դարձաւ նաեւ իր ծննդավայր քաղաքի յաջող քաղաքապետը, եւ այդ ժամանակահատուածին Պուրճ Համուտը ծաղկեցաւ, գեղեցկացաւ զարդարուեստով, յուշարձաններով, հետեւաբար` յաւելեալ հայկականութեամբ:

Մկրտիչեան աւելցուց. «Իմ ճանչցած մարդոց մէջ Անդրանիկը Նիկոլ Աղբալեանի նկարագրած իտէալական դաշնակցականի տիպարին ամէնէն շատ մօտեցողներէն է: Ան եղած է` օրինապահ, հաւատաւոր, ճշմարտախօս, կարգապահ, զուսպ, ընկերասէր, իր ընկերներուն հանդէպ հանդուրժողական, բոլորին համար արդարամիտ, մարդասէր ու մարտունակ. ազնիւ ու ազնուական»: (Հետագային Մկրտիչ Մկրտիչեանին խօսքը կը հրատարակուի իր ամբողջութեամբ):

Գեղարուեստական յայտագիրի երրորդ բաժինով ելոյթ ունեցան Սելլա Սվաքճեան եւ Վերոնա Ռուսիալեան, որոնք ջութակով եւ դաշնամուրով նուագեցին Պաղտասարեանի «Նոքթուրն»-ը:

Այս առիթով իր սրտի խօսքը արտասանեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, որ յայտնեց, թէ կազմակերպական պատասխանատուութիւններ ստանձնած Համազգայինի մէջ Անդրանիկ Մսըրլեան մշակոյթով ապրող եւ մշակութային արժէքները գնահատող կերպար մըն էր մեր իրականութան մէջ, եւ պատահական չէ, որ միշտ ալ ներկայ էր մեր բոլոր ձեռնարկներուն` մանկական, պատանեկան, երիտասարդական, արհեստավարժ ու սիրողական… Քէշիշեան ըսաւ, որ Մսըրլեան միշտ ալ մերժած է պարգեւատրումն ու յուշանուէրները, սակայն իրեն հետ գործակցող ու ապրող բոլոր բարեկամներուն ու ընկերներուն աչքերուն մէջ կ՛երեւի իր ներկայութիւնն ու վաստակը, եւ ամէն անգամ, որ Համազգայինը իրագործում մը արձանագրէ, իր եւ իր նմաններուն ներկայութիւնը ընդգծելի կը դառնայ:

Աւարտին ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին նուագախումբը` խմբավարութեամբ Կարօ Աւեսեանին: Խումբը ներկայացուց «Աւէ, Մարիա», «Նուպար-Նուպար», «Կտոր մը երկինք», «Ապարան» ստեղծագործութիւնները:

Յայտնենք, որ յուշ-երեկոյի սկզբնաւորութեան ներկաները ստացան Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան լոյս ընծայած գրքոյկը, որ ձօնուած է Անդրանիկ Մսըրլեանին` «Մարդը, քաղաքապետը եւ հանրային գործիչը» խորագիրով:

 

 

Նախորդը

Դանակը Ոսկորին Հասնելուց Յետոյ…

Յաջորդը

Պայերն Միւնիխ Կը Մտածէ Ձգել Վարանը, Իսկ Եունայթըտ` Կրիզմանը

RelatedPosts

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով
Գաղութային

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած
Գաղութային

Մասնակից Դառնանք Հայ Դպրոցի Առաքելութիւնը Կանգուն Պահելու Նուիրական Գործին

Հոկտեմբեր 11, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?