Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հոգեկան Ու Բարոյական Արժէքներ Հարկաւոր Են Մեր Ընտանիքներուն Ու Հաւաքականութեան, Որպէսզի Անոնցմով Մեր Կեանքը Ուղղենք Եւ Աստուծոյ Ողորմածութեան Արժանանանք» Շահէ Արք. Փանոսեան

Նոյեմբեր 29, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Շաբաթ 25 եւ կիրակի 26 նոյեմբերին տօնախմբութիւն էր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ համար: Արդարեւ, եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, շաբաթ առաւօտեան տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում, որուն յաջորդեց մատաղի պատրաստութիւն, ապա երեկոյեան` ժամերգութիւն:

Կիրակի առաւօտեան ժամը 9:30-ին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին դիմաց տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, ապա թափօրը` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին գլխաւորութեամբ, ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր, նախագահութեամբ սրբազան հօր, մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Հոծ բազմութեան կողքին ներկայ էին շրջանի ազգային երեսփոխաններ եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան եւ փոխատենապետ, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան:

Սրբազան հայրը, Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի ընծայման տօնին առիթով տուած իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Աստուածաշունչին մէջ յիշուած տուեալներուն, թէ ինչպէ՛ս Աննա տիրոջ շնորհքով զաւակ մը ունեցաւ` Մարիամը, որ ուխտի զաւակ, եւ իր ծնողքին անդրանիկը ըլլալով, Հրէից օրէնքին համաձայն, երեք տարեկանին տաճար տարուելով Տիրոջ ընծայուեցաւ, որպէսզի տաճարին ծառայելով Աստուծոյ շնորհով մեծնայ: Ան դիտել տուաւ, որ եթէ չենք կրնար այս պատմութիւնը մեր կեանքին առնչել, անիմաստ է մեր ունեցած աւետարանական գիտութիւնը եւ մեր բարեպաշտութիւնը` բացատրելով, որ այս առիթը նախ մեզի կը յիշեցնէ, թէ զաւակներուն բախտը կախեալ է ծնողներու գիտակցութենէն ու իրենց ծնողական պարտականութիւնները հաւատարմօրէն կատարելու պատրաստակամութենէն: «Կեանքի մէջ ամէն մարդ հաւատքով ու նուիրումով պէտք է կատարէ իրեն վերաբերող պարտականութիւնները: Մասնաւորապէս, ծնողները եւ յատկապէս մայրերը,  պէտք է  լաւ ըմբռնեն, թէ իրենց գերագոյն պարտականութիւնը իրենց զաւակներուն դաստիարակութեան գործն է», շեշտեց Շահէ արք. Փանոսեան: Ան ըսաւ, որ մեր ապրած տեսակաւոր տագնապներուն ու հարցերուն դիմաց, այսօր, քաջութիւնն ու իմաստութիւնը պէտք է ունենանք հարցնելու, թէ մենք` իբրեւ ծնողներ ու մայրեր, նաեւ իբրեւ բարեպաշտ հաւաքականութիւն, ո՞ւր կ՛առաջնորդենք եւ ի՞նչ բանի կ՛ընծայենք մեր զաւակները, որպէսզի անոնք ալ Աստուծոյ շնորհքով աճին եւ հպարտութիւն պատճառեն նախ` իրենց ծնողներուն, նաեւ մեր հաւաքականութեան ու ողջ ազգին:

Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդը նկատել տուաւ, որ Աստուածամայրը օրինակ եւ ներշնչարան է բոլոր անոնց, որոնք մաքրութեան, սրբութեան եւ անմեղութեան շունչով կ՛ուզեն պահել իրենց ընտանիքները ու առաքինութեանց արժէքներով դաստիարակել իրենց զաւակները` յորդորելով ներկայ մայրերը պատահականութեամբ չվարուելու իրենց ընտանեկան պարտականութիւններուն հետ եւ ոչ ալ պատահականութեան ձգելու իրենց զաւակներու դաստիարակութեան գործը եւ այդպիսով վտանգելու նաեւ մեր համայնական կեանքի վիճակը:

Սրբազան հայրը հաստատեց, որ մեծ նահանջ արձանագրած ենք քրիստոնէական մեր հաւատալիքներէն եւ հեռացած ենք մեր դարաւոր աւանդութիւններէն ու հաւատքի սկզբունքներէն.  խօսքը ուղղելով մայրերուն` ան ըսաւ, որ չեն կրնար շարունակաբար ուրիշներուն վերագրել իրենց թերացումներուն պատասխանատուութիւնը, այլ` պէտք է քաջութեամբ խոստովանին, որ յաճախ մոռցած են իրենց զաւակներուն հանդէպ ունեցած պարտականութիւնները եւ մոռցած, որ մօր նայուածքին տակ, մօր գուրգուրանքով ու աղօթքով, տարբեր ոճով պիտի մեծնային անոնք, եւ տարբեր վիճակի մէջ պիտի գտնուէր նաեւ մեր հաւաքական կեանքը: Եզրափակելով իր խօսքը` Շահէ արք. շեշտեց, որ հոգեկան ու բարոյական արժէքներ հարկաւոր են մեր ընտանիքներուն ու մեր հաւաքականութեան, որպէսզի անոնցմով մեր կեանքը ուղղենք եւ Աստուծոյ ողորմածութեան արժանանանք:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

 

Նախորդը

Նիւ Եորքի Քաղաքապետը Ութ Տարուան Ընթացքին Մասնակցած Է Թուրքիոյ Առնչուող 80 Ձեռնարկի

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Ժոել Էմպիիտի Թրիփըլ Տապըլը Օգնեց Ֆիլատելֆիային 44 Կէտի Առաւելութեամբ Յաղթելու Լէյքըրզի

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան  Եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան Եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան

Նոյեմբեր 8, 2025
Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Բացում Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ Համալսարանի Արա Հրեշտակեան Հայագիտական Ամբիոնին
Գաղութային

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Բացում Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ Համալսարանի Արա Հրեշտակեան Հայագիտական Ամբիոնին

Նոյեմբեր 8, 2025
50 Տարիներ Բոլորած Զոյգեր Մեծ Շուքով Տօնեցին Իրենց Ս. Պսակի Տարեդարձը
Գաղութային

50 Տարիներ Բոլորած Զոյգեր Մեծ Շուքով Տօնեցին Իրենց Ս. Պսակի Տարեդարձը

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?