Հաղորդագրութիւն
Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. Լիբանանեան կարգ մը շրջաններ, յատկապէս ծովեզերեայ շրջանները, ուրբաթ, 22 դեկտեմբեր 2023-ի գիշերը եւ շաբաթ, 23 դեկտեմբեր 2023-ին վկայեցին ողողումներ` կարճ ժամանակի ընթացքին տեղացած տեղատարափ անձրեւներուն բարձր համեմատութեան պատճառով: Այդ ողողումները ստեղծեցին դժուար կացութիւն մը եւ պատճառեցին վնասներ: Այդ վնասները կրեցին Պէյրութն ու Պուրճ Համուտը` նկատի ունենալով, որ անոնք ծովու մակերեսին հաւասար քաղաքներ...




















