Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Պատարագ Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

November 21, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կիրակի, 19 նոյեմբերին Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ:

Ժողովուրդին ուղղուած իր պատգամին մէջ առաջնորդ սրբազանը անդրադարձաւ Ղուկասու աւետարանի 9-րդ գլխուն մէջ տեղ գտած դրուագի մը, ուր Յիսուսի աշակերտները կը վիճին իրարու հետ, թէ իրենց մէջ ո՞վ է մեծը: Յիսուս անդրադառնալով, թէ ինչո՛ւ կը վիճին, նաեւ լաւապէս ճանչնալով իր աշակերտները,  ըսաւ, որ իրենց մէջէն ամէնէն փոքր եղողն է, մանուկի մը նմանողն է մեծը: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ այդ օրերուն Յիսուսի համբաւը հասած էր իր գագաթնակէտին եւ ամբողջ Հրէաստանի տարածքին ան յատկանշական դէմք դարձած էր, հետեւաբար աշակերտները կ՛ուզէին իրենք ալ երեւելի եւ առաջնորդ դառնալ` հակառակ այն իրողութեան, որ տակաւին իրենց տէրը կը գտնուէր իրենց հետ եւ առաքելութեան պաշտօնը իրենց չէր յանձնուած:

Շարունակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը բացատրեց, թէ յիշեալ դրուագը մեր ուշադրութեան կը յանձնուի, որպէսզի մենք խրատուինք եւ անդրադառնանք, որ Աստուած մեզմէ աւելի բարեպաշտութիւն կամ մեծ ծառայութիւններ չի պահանջեր, այլ կը պահանջէ խոնարհ վիճակ, աւելցնելով, որ Յիսուս ըսաւ, թէ մեծը ան է, որ մանուկի կը նմանի, որովհետեւ մանուկը կախեալ է Աստուծմէ եւ ուրիշներու բարեացակամութենէն, եւ այս իրողութիւնը ինք չի կրնար արտայայտել, այլ կը պարզէ իւրաքանչիւր քայլափոխին եւ իր շրջապատին կը զգացնէ, որ ինք կախեալ է ուրիշներէ եւ այդպիսով կը գրաւէ մարդոց սիրտը ու կը դառնայ կեդրոնական ներկայութիւն իր շրջապատին մէջ: «Աստուած մեզմէ կ՛ակնկալէ խոնարհ ու պատրաստակամ ոգի մը: Ան, որ կ՛ուզէ իսկապէս մեծ ըլլալ, նախ պէտք է ձգտի Աստուծոյ աչքին մեծ ըլլալ, նաեւ ինքզինք ուրանալ, որպէսզի մանուկի մը նման Աստուած առաջնորդէ եւ տնօրինէ իր կեանքին համար ամէն բան», հաստատեց սրբազանը` շեշտելով, որ Աստուծոյ  համար մեծերը անոնք են, որոնք կ՛անդրադառնան թէ աշխարհը եւ այս կեանքը Աստուծոյ պարգեւներն են, եւ մենք Աստուծոյ համար գործող միջոցներ ենք աշխարհին մէջ:

Եզրափակելով իր խօսքը, առաջնորդը հրաւիրեց ներկաները` զգաստանալու եւ զոհերը չդառնալու աշխարհի մեր պայմաններուն եւ մերօրեայ մշակութային վիճակին, այլ կեանքի մէջ իրենց բերած մասնակցութեամբ ուղղեն նաեւ իրենց շրջապատի ընթացքը եւ այդպիսով Աստուծոյ համար հաճելի ու պատշաճ միջավայր պատրաստեն:

Նախորդը

Երեւանի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովը Երէկուան Նիստին Քննարկած Է Փտածութեան Կանխարգիլման Կարեւորութեան Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Վե՛րջ Վհատումին, Մանաւանդ` Ինքնասեւեռումի՛ն

RelatedPosts

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն
Գաղութային

Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն

October 3, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.